2016-03-11 08:36:00

Շիիթներու եւ Սիւննիներու միջեւ տարբերութիւնները հակիրճ տեղեկութիւններ։


(Ռատիօ Վատիկան) Արաբական Սաուտիէի մահապատիժները եւ Իրանի մէջ Սաուտ Արաբիոյ դիւանագիտական շէնքերու դէմ յարձակումները ի յայտ բերին իսլամ կրօնքի երկու ճիւղերու հարցը, որ ճակատ-ճակատի կու գան 1400 տարիներէ ասդին։

Ճշմարիտ ընդհարումը ի յայտ եկաւ 1979-ին Իրանի Խումայնիի յեղափոխութեամբ։ Հարցին վճռական կէտն է ''խալիֆայի'' դերը, այսինքն մարգարէ Մուհամատին յաջորդութեան հարցը։

Շիիթներու ու Սիւննիներու ծագումը։ 

Մոհամետ Աստուծմէ ղրկուած է տարածելու Անոր խօսքը` Քուրանը։

Սիւննիներու համար Մոհամմէտ մարգարէի յաջորդն է Ապու Պաքր խալիֆան, (անոր առաջին ընկերներէն մին)։ Մինչ Շիիթներու համար օրինաւոր յաջորդութիւնը կ`իյնայ Ալիին` Մոհամետի ազգականին ու փեսային։

Շիիթ եւ Սիւննի բառերու նշանակութիւնը։

Սիւննի բառը յառաջ կու գայ ʺսիւննաʺ ներէն` Մոհամատի ըսածներու համաձայն։ Մինչ Շիիթ բառը յառաջ կու հայ ʺշիաթ Ալիʺ  ասացուածքէն` որ է ըսել Ալիի կուսակցութիւնը։

Շիիթներու եւ Սիւննիներու կրօնական պաշտամունքի սիւները։

Սիւննիներու համար հինգ են սիւները` հաւատքի դաւանանքը, ծիսական աղօթքը, կանոնական ողորմութիւնը, ծոմապահութիւնը ռամատանի ընթացքին, ուխտագնացութիւն դէպի Մեքքա։ Շիիթներու համար տասը են սիւները`անոնց կարգին կան ուխտագնացութիւնը դէպի Մեքքա̦ նուիրատուութիւնը (անպայման դրամը չէ), ներքին պայքար յարելու Աստուծոյ, բարիին սէրը ու չարին մերժումը։

Շիիթները եւ Սիւննիները ի՞նչպէս կ՛աղօթեն։

Սիւննիները կ՛աղօթեն միացած ձեռքերով մինչ շիիթները զուգահեռական բաց ձեռքերով։

Շիիթներու եւ Սիւննիներու տօները։

Սիւննիներու տօներն են Eid al-Fitr` ռամատանին աւարտին̦ Eid al-Adha Մաքքէի ուխտագնացութեան աւարտին։

Շիիթները կը տօնեն Ashura-ն որ կը ոգեկոչէ Հուսէյնի նահատակութիւնը Քարպալայի մէջ։

Շիիթներու եւ Սիւննիներու կղերը։

Սիւնինները չունին կղերականութիւն այլ ʺիմամʺ մը որ կը նախագահէ աղօթքը։

Շիիթները ունին կղերականութիւն պատրաստուած իսլամական գիտութեանց համալսարաններու մէջ։

Ո՞ւր կը գտնուին շիիթներն ու սիւննիները։

Շիիթները կը տիրեն Իրան ու մեծամասնութիւն կը կազմեն` Իրաք, Լիբանան և Արաբական Ծոցի կարգ մը վայրերու մէջ` ինչպէս Պահրէյին։

Սիւննիները մեծամասնութիւնը կը կազմեն Հիւսիսային Ափրիկէի, Արաբական թերակղզիի, Ինտոնեզիա, Մալեզիա, Փաքիստան, Ափրիկէի ծայրամասը, Ասիական կարգ մը երկիրներու մէջ, Հնդկաստանի կարգ մը նահանգներու մէջ ու Չինաստանի հիւսիս արեւմուտքի շրջանը։ Սիւնինները կը ներկայացնեն իսլամութեան 85 տոկոսը մինչ շիիթները շուրջ 15 տոկոսը։








All the contents on this site are copyrighted ©.