2016-03-10 10:46:00

Ս﹒ Աթոռի գնահատումով ''եզակի'' մտածումը կ՛ ականէ կրօնական ազատութիւնը։


(Ռատիօ Վատիկան) ''Ս﹒ Աթոռը ահազանգ հնչեցուցած է ի տես կրօնական ազատութեան ու հաւատալիքներու դրժումին, բազմաթիւ երկիրներու մէջ'' յայտարարած է գերապայծառ Richard Gyhra ՄԱԿի Ժընեւի գրասենեակին մօտ Վատիկանի ներկայացուցիչը  կրօնական ազատութեան ու արտայայտութեան ազատութեան տեղեկագիրի քննարկումի նիստի ընթացքին։

Կրօնական ու արտայայտութեան ազատութիւնը միջ-կախեալ են իրարմէ ու միութիւն կը կազմեն։

Ս﹒ Աթոռի ներկայացուցչին համար ամէն հաւատացեալի իրաւունքն է ապրիլ իր կրօնական համոզումներու համաձայն։ Աստուծոյ անունով պատերազմ հռչակել մոլորում մըն է։ Ամէն անհատի իրաւունքն է ընտրել իր կրօնքը, սակայն բազմաթիւ երկիրներ կը սահմանափակեն այս իրաւունքը։








All the contents on this site are copyrighted ©.