2016-03-10 09:55:00

Մինչեւ տարուան վերջը Գանատան կը նախատեսէ 57,000 փախստական ընդունիլ


Գանատան կը նախատեսէ 57.000 փախստական ընդունիլ այս տարի` կրկնապատկելով 2015-ի ցուցանիշը: Այս մասին երէկ յայտարարած է Ներգաղթի նախարար Ճոն Մաքքալումը:

«Մենք կը նախատեսենք ընդունիլ փախստականներ ոչ միայն Սուրիայէն, այլ նաեւ` այլ երկիրներէ նոյնպէս»,-յայտարարած է նախարարը` խօսելով կառավարութեան սահմանած ներգաղթի թիրախային խումբերուն մասին:

Ինչպէս կը յայտնէ «Հայերն այսօր»-ը` յղում կատարելով Guardian-ին, մինչեւ 2016-ի աւարտը Գանատան կ’ընդունի 280.000-305.000 նոր մշտական բնակիչ` ներառեալ ներգաղթեալները: Սա 7 տոկոսով աւելի է, քան անցեալ տարուան ցուցանիշը, ըսած է նախարարը:

Նշենք, որ վերջին երեք ամիսներուն ընթացքին Գանատան ընդունած է աւելի քան 26.000 սուրիացի փախստականներու: Լիբանանի, Թուրքիոյ եւ Յորդանանի ճամբարներուն մէջ ապրող եւս 12.000 ներգաղթեալներու` ապաստան ստանալու յայտերը այժմ ընթացքի մէջ են:








All the contents on this site are copyrighted ©.