2016-03-10 11:51:00

Հոգեւոր կրթութեան հինգերորդ օր. ''Ողորմութիւնը կը դպչի տառապողին վէրքերուն''։


(Ռատիօ Վատիկան) Եկեղեցին եւ ամէն մի քրիստոնեայ մտահոգուելու է աշխարհի վէրքերով եւ ունենալու է բարի սամարացիի գթասիրութիւնը, որովհետեւ տարապողին խնամք տանելով կը բարելաւուին ընկերային յարաբերութիւնները եւ կը մեկուսացուի ''աւելորդացի մշակոյթը''։  Այս է հակիրճ կերպով Հայր Էրմես Ռոնքիի` Վատիկանի Վերին իշխանութեան քարոզած հոգեւոր կրթութեան 5-րդ օրուայ առաջին մտածականի նիւթի պարունակութիւնը որ  հիմնուած է Յիսուսի` Յարութենէն ետք, Մագդաղենացիին երեւումին ընթացքին անոր ուղղած հարցումին վրայ, քաղուած  Յովհաննէսի աւետարանէն (Գլ. 20 Համար 15) ''Յիսուս ըսաւ անոր ''Ո՛վ կին ինչ՞ու կու լաս, ո՞վ կը փնտռես''։

Այս հարցումէն մեկնելով Հայր Ռոնքի կը նկարագրէ Աստուծոյ վերաբերմունքը հանդէպ մարդու տառապանքին։

Յիսուս, ըսաւ Հայր Ռոնքի, չի նայիր մարդուն մեղքերուն, այլ անոր կարիքներուն։ Սամարացիի նման, ան կը տեսնէ, կանգ կ՛առնէ, եւ կը դպչի։ Ան կը տեսնէ մարդուն վէրքը, կը ցաւի անոր հետ ու գթութենէ մղուած կանգ կ՛առնէ եւ ապա կը դպչի մարդուն։

Յիսուս ամէն անգամ որ կը յուզուի կը դպչի` հիւանդին, բորոտին, աւելորդացին... երբ կանգ առնեմ եւ արցունք մը սրբեմ, թէեւ աշխարը չեմ փոխեր, անհաւասարութիւնը չեմ վերացներ, սակայն կը հաստատեմ թէ անօթութիւնը անյաղթ չէ, թէ ուրիշներու արցունքները  -գաղթականներունը, փախստականներունը, աղքատներունը....- իրաւունքներ ունին, թէ ես իր ճակատագրին չեմ լքեր կարիքաւորը, եւ թէ բաժնեկցութիւնը մարդկայնութեան իւրայատուկ իրողութիւն է։  Ողորմութիւնը մարդու կեանքին մէջ ամենակարեւոր իրողութիւնն է։ Ողորմութիւնը ձեռքի եւ գիրկի հարց է։ Աստուած այսպէս կը ներէ` ոչ թէ փաստաթուղթերով, այլ ձեռքերով, շոյանքով, քնքշութեամբ։

Յայտնենք թէ հոգեւոր կրթութեան հինգերորդ օրուայ երկրորդ մտածականի նիւթը քաղուած է միշտ Յովհաննէսի աւետարանէն (Գլ. 21,16) ուր Յիսուս Պետրոսին կ՛ուղղէ ամենակարեւոր հարցումներէն մին. նախ քան անոր Գերագոյն Հովիւի պատասխանատուութիւնը եւ Եկեղեցւոյ ղեկը յանձնելը. ''Սիմոն Որդի Յովնանու կը սիրե՞ս զիս ասոնցմէ աւելի''։ 








All the contents on this site are copyrighted ©.