2016-03-10 09:39:00

Եւրոպական մամուլը կը քննադատէ Թուրքիոյ ներկայացուցած ծրագիրը


ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Եւրոպական լրատու գործակալութիւնները եւ թերթերը ընդհանրապէս ժխտական մօտեցումով կը քննարկեն գաղթականներու գծով Թուրքիոյ ներկայացուցած առաջարկները՝ պնդելով, որ անոնք դարձեալ ցոյց կու տան, թէ Թուրքիա Եւրոպայի բարեկամ երկիր մը չէ՛, եւ թէ ներկայացուած ծրագիրը սպառնական բնոյթ ունի։

Բրիտանական «Տէյլի Թելեկրաֆ» թերթը կը գրէ, որ կարճ ժամանակ առաջ Թուրքիոյ՝ Եւրոմիութեան անդամակցութեան հարցով բոլոր խաղաքարտերը Պրիւքսէլի ձեռքն էին, բայց հիմա գաղթականներու հարցին պատճառով, Թուրքիա՛ն է որ կը թելադրէ խաղին ընթացքը։ Ըստ յօդուածին՝ Թուրքիա այս քայլով սպառնալիք կ՛ուղղէ Եւրոպային, որ իր կարգին, բացի ընդառաջելէն՝ ուրիշ ճար չունի։ «Բայց եթէ թուրքերը այս սպառնալիքը ուղղելով կը խորհին Եւրոպայի հետ յարաբերութիւնները ընդարձակել, ապա դարձեա՛լ պէտք մտածեն։ Թուրքիոյ՝ Եւրոմիութեան անդամակցութեան հաւանականութիւնը կը նմանի գէշ կատակի մը։ Տակաւին քանի մը օր առաջ, երբ Թուրքիոյ եւ Գերմանիոյ վարչապետները քաղաքականութեան անիւը փոխելու քայլ մը կ՛առնէին, թուրք ոստիկանները զբաղած էին ընդդիմադիր «Զաման» թերթի գրաւումով», կը գրէ «Տէյլի Թելեկրաֆ»։

Նոյն թերթին համաձայն՝ եթէ Թուրքիա լուրջ է Եւրոպայի հետ աւելի մօտիկ յարաբերութիւններ հաստատելու իր որոշումին մէջ, ապա պէտք է հսկողութեան տակ առնէ «Իսլամական պետութիւն» եւ իսլամ ծայրայեղական այլ ահաբեկչական խմբաւորումներուն գործողութիւնները։ «Ներկայիս Եւրոմիութիւնը ամէն ինչ նկատի կ՛առնէ փախստականներու հոսքը կասեցնելու եւ զանոնք Թուրքիոյ մէջ պահել տալու համար։ Բայց երկարաժամկէտ ծրագիրով եթէ Թուրքիան շարունակէ մնալ իր այս դիրքին վրայ, ապա Եւրոպայի համար խենթութիւն պիտի ըլլայ վստահիլ Թուրքիոյ», կ՛եզրակացնէ յօդուածը։

«Կարտիըն» թերթը եւս բաւական ծանր յօդուած մը հրապարակեց՝ գրելով, որ «նողկալի էր տեսնել, թէ Եւրոմիութիւնը ինչպէ՛ս կը խոնարհի Թուրքիոյ առջեւ»։

Եւրոպական այլ թերթեր եւս դիտել տուին, որ Թուրքիա բաւական կարծր առաջարկներ ներկայացուց Եւրոմիութեան՝ զարմանքի մատնելով բոլոր ղեկավարները։

Նշենք, թէ Անգարա կ՛ուզէ, որ Յունաստանէն Թուրքիա վերադարձուած իւրաքանչիւր գաղթականի դիմաց՝ Եւրոմիութիւնը հիւրընկալէ սուրիացի գաղթակած մը, նաեւ՝ յաւելեալ գումարներ տրամադրէ Անգարային եւ արագացնէ Թուրքիոյ Եւրոմիութեան միացման գործընթացը։








All the contents on this site are copyrighted ©.