(Ռատիօ Վատիկան) 13 տարուայ լուրջ աշխատանքէն ետք լոյս տեսաւ Ուրտու լեզուով կաթողիկէ եկեղեցւոյ քրիստոնէականը ։
''Ուրախ եմ որ Փաքիստանի եկեղեցին կարողացաւ հրապարակել քրիստոնէականը, Ողորմութեան ս﹒ Տարւոյն ընթացքին։ Բնագիրը շատ օգտակար պիտի հանդիսանայ քրիստոնեաներուն եւ մահմետականներուն և պտղաբեր միջոց մը պիտի ըլլայ նաեւ միջ-կրօնական երկխօսութեան համար'' ըսած է հայր Robert Mc Culloch, արտայայտուելով վերոնշեալ հրատարակութեան մասին։
All the contents on this site are copyrighted ©. |