2016-03-09 10:45:00

Վատիկանի վերին իշխանութեան Հոգեւոր կրթութեան նիստերը կը շարունակուին։


(Ռատիօ Վատիկան) Անցեալ 6 Մարտի երեկոյեան սկիզբ առած Ֆրանչիսկոս Պապին եւ Վատիկանի վերին իշխանութեան հոգեւոր կրթութեան նիստերը կը շարունակուին, Հռոմի մօտակայքը գտնուող Արիչչա գիւղաքաղաքի ''Աստուածային Վարդապետի Տուն'' կեդրոնին մէջ։ Հոգեւոր կրթութիւնը վերջ պիտի գտնէ ուրբաթ 11 Մարտի առաւօտեան։

Հոգեւոր կրթութեան առթիւ ընդհատուած կը նկատուին Ֆրանչիսկոս Պապին հրապարակային գործունէութիւնները ներառեալ չորեքշաբթի օրուայ ընդհանուր ունկնդրութիւնը։

Հոգեւոր կրթութեան քարոզիչ Հայր Էրմէս Ռոնքի որ առօրեայ մտածականները կեդրոնացուցած է Յիսուսին ուղղած 10 հարցումներու վրայ, չորեքշաբթի օրուայ երկու խորհրդածութիւններու որպէս նիւթ ընտրած է. ''Յիսուս հարցուց աշակերտներուն քանի՞ հաց ունիք'' ապա ''Յիսուս շտկուեցաւ ու հարցուց կնոջ. ''Ո՞ւր են անոնք. Ոչ ոք քեզ դատապարտեց''։

Առաջին հարցումը քաղուած է Մարկոսի Աւետարանէն (գլուխ 6 համար 38) եւ նոյն այս դէպքը պարունակուած է Մատթէոսի Աւետարանին մէջ (Գլուխ 15 համար 34) ուր կը պատմուի Յիսուսի հացերու երկրորդ բազմացումի մասին մինչ երկրորդ հարցումը քաղուած է Յովհաննէսի աւետարանէն (գլուխ 8, 10-րդ համար), ուր կը պատմուի շնութեան մեղքին մէջ բռնուած կնոջ մասին որ Յիսուսի մօտ կը բերեն ու զինք փորձելու  համար անոր կարծիքը կը հարցնեն։ Եւ Յիսուս անոնց կը պատասխանէ ''ձեր մէջ անմեղը թող առաջին քարը նետէ''։ Այս խօսքերուն վրայ մէկը միւսին ետեւէն կը հեռանան եւ Յիսուս առանձին մնալով կնոջ հետ անոր կ՛ըսէ ''Ոչ ոք քեզ դատապարտեց, ես ալ չեմ դատապարտեր գնա բայց այսուհետեւ մի մեղանչեր''։








All the contents on this site are copyrighted ©.