2016-03-09 12:25:00

Հայ եկեղեցին եւ հայ երիտասարդը դէմ առ դէմ։


Աղին գործածութիւնը

Աղի գործածութեան մասին բազմաթիւ ուղեցոյցներու կը հանդիպինք առօրեայ մամուլին մէջ: Թէ՛ խոհագիրները եւ թէ բժշկական սիւնակները լեցուն են զայն գործածելու չափերու մասին բացատրութիւններով եւ խրատներով, որոնց անշուշտ շատ կարեւորութիւն տուող չէ՛ մնացած ներկայիս:

Ճիշդ է այն իմաստուն խօսքը, ըստ որուն՝ իւրաքանչիւր անձ ինքն իր բժիշկն է: Սակայն, բժիշկներու ալ կը հանդիպինք, որոնք անհոգ ու անտարբեր են իրենց առողջութեան նկատմամբ: Ծխամոլներու նման, անոնցմէ ոմանք անդադար կը ծխեն, միաժամանակ իրենց հիւանդներուն արգիլելով ծխելը եւ բացատրելով անոր վնասակար հետեւանքներուն մասին… Ուրեմն, իւրաքանչիւր անձ ինքն իր բժիշկը ըլլալու հասկացողութիւնը ամբողջական վստահութեամբ չենք ընկալեր, ո՛չ ալ հալած իւղի պէս կուլ կու տանք:

Աղը, կերակուրին գլխաւոր համը ըլլալով միատեղ, միշտ վնասակար յատկութիւններով կը բնորոշուի: Ամէնէն համով եւ ցանկալի նկատուած ճաշն անգամ երբ բաւարար չափով աղ չունի, անհամ կը թուի: Իր գեղջկական մանկութեան օրերէն պատմող յայտնի անձնաւորութիւն մը կ՛ըսէր, թէ օր մը բերքահաւաքի առիթով պարտէզին մէջ կէսօրին հանգստանալու համար նստելով, եղբօր հետ ուզած են աղցան պատրաստել: Տեղի վրայ քաղելով լոլիկն ու վարունգը, ազատքեղն ու անանուխը, ինչպէս նաեւ կանաչ սոխն ու պղպեղը, զանոնք մանրելով լաւ աղցան պատրաստած են, ձիթաիւղն ալ վրան լեցնելով: Սակայն երկուքն ալ անդրադարձած են, թէ բան մը կը պակսի, աղցանը համեղ դարձնելու համար, եւ այդ ալ աղն էր…

Աղը ճիշդ ատենին գործածուելու համար, պէտք է զայն միշտ մեզ հետ ունենանք։ Սակայն աղը օգտագործելու չափը,  մարդոց քիմքէն կախեալ է: Ոմանք շատ, ոմանք քիչ կը սիրեն օգտագործել աղը, կան նաեւ անլի  նախընտրողներ։

Աղը միայն համ տալու յատկութիւն չունի, այլեւ՝ պահպանելու: Միսը, ձուկը եւ այլ ուտեստներ կ՛աղեն, երկար պահպանելու համար զանոնք բաց օդին: Սակայն, այս պարագային եւս, աղի գործածութիւնը պէտք է ըլլայ ճի՛շդ ժամանակին եւ ճի՛շդ չափով :

Մարդկային կեանքի բարոյական բարձրութիւնը պահպանելու համար, «բարոյական աղեր» գոյութիւն ունին, որոնցէ գլխաւորն ու էականը ճշմարտախօսութիւնն է: Մարդը իր բարձրութեան վրայ պահողը, ընկերութեան կեանքին մէջ արդար խօսքի հարթակ տուողը եւ ի վերջոյ Աստուծոյ դատաստանին առջեւ ճակատաբաց հանողը ճշմարտախօսութիւնն է: Սա այն աղն է բարոյական, որ մարդուն ո՛չ միայն կաշին, այլեւ հոգին կը պաշտպանէ ու կը պահպանէ ամէն չարիքէ ու վտանգէ… Այդ  աղն ալ պէտք է ճիշդ ժամանակին գործածել:

Բարոյական այս «աղը» ճշմարտախօսութիւնը, երկա՜ր ժամանակ ստախօսութիւն կատարելէ ետք գործածելը իմաստ չ՛ունենար, որովհետեւ «ձուկը հոտած կ՛ըլլայ արդէն»: Հոտելէն ետք ի՞նչ իմաստ ունի ձուկը կամ միսը աղելը: Ստախօսութիւններով մէկուն համբաւին, միւսին անունին, մէկ ուրիշին վարկին կրակ տալով այրելէ ետք, մոխիրներուն վրայ ջուր լեցնելու նման, անիմաստ արարք կ՛ըլլայ, երբ ստախօսը սկսի ճշմարտախօսութենէն ճառելու:

Նման անձեր ինքնապաշտպանութեան լաւագոյն ձեւը կը համարեն ստախօսութիւնը, մինչդեռ ճիշդ հակառակն է: Բայց միայն ճշմարտախօսութիւնն է այն պահպանիչ աղը, որ կրնայ պաշտպանել մեր անձը թէ՛ ներքնապէս եւ թէ արտաքնապէս:

՜՜Ձուկը հոտելէն ետք չեն աղեր, օգուտ չունի, այլ՝ նախապէս պէտք է աղած ըլլան, որպէսզի չհոտի՝՝:

Այս խրատը ալեհեր բարեկամս բազմաթիւ առիթներով կրկնած էր, սակայն չէի անդրադարձած խօսքին կարեւորութեան: Իսկ հիմա, աւելի քան իբրեւ խրատ կ՛ընդունիմ այս խօսքը եւ ամենայն հարազատութեամբ կը փոխանցեմ զայն սոյն գրութեամբ, որպէսզի ստախօսութեան յենակներուն չվստահին անոնք, որոնք դեռ կը շարունակեն այդ ինքնակործան ախտին մէջ տուայտիլ:








All the contents on this site are copyrighted ©.