Նախագահ Սարգսեան. «Ներկայիս Մեր
Երկրին Մէջ Կիները Շատ Աւելի
Մեծ Դեր Ունին, Քան Անցեալին»
«Այսօր մենք կը մեծարենք մեր կիները` մեր ընտանիքներու ջերմութեան եւ մեր հասարակութեան հասունութեան պահապանները», ըսուած է Կիներու միջազգային տօնին առիթով Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանին յղած շնորհաւորական ուղերձին մէջ:
«Ներկայիս մեր երկրին մէջ կիները շատ աւելի մեծ դեր ունին, քան` անցեալին», գրած է նախագահ Սերժ Սարգսեան իր ուղերձին մէջ, որ հրապարակած է Հայաստանի նախագահի աշխատակազմի հասարակութեան եւ տեղեկատուութեան միջոցներու հետ կապերու վարչութիւնը: «Սահմանադրական բարեփոխումներու գործընթացը այս միտումը ժամանակի ընթացքին աւելի պիտի խորացնէ, անոր հիմերը արդէն դրուած են», շարունակած է նախագահը:
Նախագահ Սահակեան. «Դուք Ամէն Տեղ
Ձեր Անգնահատելի Աւանդը Կը Բերէք`
Մնալով Գեղեցիկ Ու Հմայիչ»
Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան Արցախի Հանրապետութեան իշխանութիւններուն եւ անձամբ իմ անունով շնորհաւորական ուղերձ յղած է Կիներու միջազգային օրուան առիթով` ըսելով. «8 մարտը մեզի համար առիթ է գնահատելու եւ արժեւորելու ձեր աշխատանքը, արտայայտելու մեր խորին երախտագիտութիւնը, սէրն ու յարգանքը: Դուք միշտ մեզի հետ էք, մեր կողքին. Արցախեան ազատամարտի առաջին օրէն, երբ մեր արդարացի պահանջը կը ներկայացնէինք աշխարհին, կենաց-մահու պայքար կը մղէինք թշնամիին դէմ: Դուք ամէն տեղ ձեր անգնահատելի աւանդը կը բերէք` մնալով միշտ գեղեցիկ ու հմայիչ»:
Գարեգին Բ. Կաթողիկոս. «Հայ Կիները
Ներշնչում Եւ Զօրութիւն Կը Պարգեւեն»
Կիներու տօնին առիթով շնորհաւորական ուղերձ յղած է Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսը` յայտնելով. «Բազմադարեայ մեր պատմութեամբ վկայուած է հայ կնոջ առաքելութիւնը մեր ժողովուրդին կեանքի յառաջընթացին, հոգեւոր արժէքներու պահպանման, կրթութեան ու մշակոյթի զարգացման գործին մէջ, նաեւ` հայրենիքի պաշտպանութեան, դժուարութիւններու ու մարտահրաւէրներու դիմագրաւման մաքառումներուն մէջ: Հայ կիները աստուածսիրութեան եւ ազգասիրութեան մեծագործութիւններով, քաջութեան ու խիզախումի պանծալի օրինակներով շարունակ ներշնչում եւ զօրութիւն կը պարգեւեն մեր ժողովուրդի զաւակներուն», ըսուած է ուղերձին մէջ, որ հրապարակած է Մայր Աթոռի տեղեկատուական համակարգը:
Արամ Ա. Կաթողիկոս. «Հայ Ժողովուրդը Հինէն Ի Վեր
Յատուկ Յարգանք Ցուցաբերած Է Ու
Կը Շարունակէ Ցուցաբերել Հայ Կնոջ Նկատմամբ»
Կիներու միջազգային օրուան առիթով իր խօսքը յղած է Մեծի Տանն Կիլիկոյ Արամ Ա. կաթողիկոսը` ըսելով. «Կիներու միջազգային օրը, 8 մարտը, յիշեցում մըն է առաւել եւս շեշտելու կանանց ունեցած դերակատարութիւնը ընկերութեան կեանքին մէջ: Հայ ժողովուրդը հինէն ի վեր յատուկ յարգանք ցուցաբերած է ու կը շարունակէ ցուցաբերել հայ կնոջ նկատմամբ: Ամէն բանէ առաջ հայ կինը մեզի համար եղած է հայ մայր, այլ խօսքով` առողջ հայ ընտանիքին դաստիարակը, մեր հոգեմտաւոր արժէքներուն պահապանը եւ մեր ազգային ձգտումներուն ռահվիրան: Այսօր հայ մայրը կոչուած է վերանորոգ նուիրումով պահպանելու հայ ընտանիքին սրբութիւնը: Միաժամանակ, մենք պարտաւոր ենք հայ կնոջ դերը աւելի շեշտելու մեր ազգային հաւաքական կեանքին մէջ»:
Կիներու տօնին առիթով շնորհաւորական ուղերձներ յղած են նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի նախագահ Գալուստ Սահակեան, վարչապետ Յովիկ Աբրահամեան եւ քաղաքական այլ անձնաւորութիւններ:
All the contents on this site are copyrighted ©. |