2016-03-08 09:56:00

Մէկ սիրտ քահանայապետական բարեսիրական մարմնի մամլոյ յայտարարութիւնը։


(Ռատիօ Վատիկան) 7-11 Մարտ Սենեկալի Տաքար քաղաքին մէջ տեղի կ՛ունենայ Սահելի ի նպաստ ՅՊԲ-ի հիմնադրամի վարչական խորհուրդի տարեկան ժողովը որուն ընթացքին պիտի քննարկուին բարեսիրական գործունէութիւններու հայող ներկայացուած ծրագիրներու ֆինանսաւորումը։ Նշենք որ վերոյիշեալ հիմնադրամը 2015-ի ընթացքին իրագործած է աւելի քան  մէկ միլիոն ևրօ արժէքով 90 ծրագիրներ։

Նշենք այդ հիմնադրամին անդամ են Իտալիոյ ու Գերմանիոյ եպիսկոպոսական համահաւաք դասերը, Սահելի տեղական եկեղեցիները (Burkina Faso, Capo Verde, Gambia, Guinea Bissau, Mali, Mauritania, Niger, Senegal, Ciad)։

Սահելի հիմնադրամը բացի իր տուած նիւթական սատարէն ու տեղական անհատներու թեխնիքական կազմաւորում շնորհելէ, դարձած է միջ կրօնական երկխօսութեան միջոցառում։ Արդարեւ այդ ծրագիրներէն նպաստ ընկալողներու մեծամասնութիւնը մահմետականներ են։

Սահելի մէջ կ`ապրին 100 միլիոն անհատներ որոնց 24 միլիոնը յետին չքաւորութեան մէջ են։ 5 միլիոն մանուկներ կը տառապին ապասնունդէ։ Սահելը ջուրի պակասի հետեւանքով ենթակայ է անապատացումի ու անոր բնակիչները յաճախ թիրախ են ահաբեկչութեան։








All the contents on this site are copyrighted ©.