2016-03-08 09:51:00

Մարտ 8-ին կը նշուի Կանանց միջազգային տօնը


Մարտ 8-ին կը նշուի  Կանանց միջազգային տօնը: 1908-ի Մարտ 8-ին Նիւ Եորքի կարի գործարանին մէջ աշխատող կիները ցոյցի կ՛ելլեն` պահանջելով աշխատաժամանակի կրճատում ու աշխատանքի պայմաններու բարելաւում: Այդ ժամանակ տղամարդիկ ստիպուած զիջումներու կ՛երթան, եւ բանուորուհիներու պահանջները կը կատարեն: Իսկ ահա 1910-ին Քոփենհակընի մէջ տեղի ունեցած Ընկերվար կանանց միջազգային համաժողովի մը ընթացքին գերմանուհի ընկերվար Քլարա Ցեթկին կ՛առաջարկէ տօնել Մարտ 8-ը որպէս կանանց իրաւունքի պաշտպանութեան եւ տղամարդոց իրաւունքներու հետ հաւասարութեան օր: Եւ ահա այդ ժամանակներէն Մարտ 8-ը կը նշուի որպէս Կանանց Միջազգային օր:

Հայաստանի մէջ անիկա կորսնցուցած է իր նախնական նշանակութիւնը, ուղղակի կը տօնեն որպէս գարնան ու կանանց տօն:








All the contents on this site are copyrighted ©.