2016-03-08 09:37:00

Հնդկաստանի եկեղեցին պիտի շարունակէ Եամանի մէջ իր առաքելութիւնը։


(Ռատիօ Վատիկան) Հնդկաստանի եպիսկոպոսական համահաւաք դասը որ ներկայիս իր լիակատար նիստը կը գումարէ Պանկալորի մէջ, իր մտահոգութիւնն ու ցաւը յայտնած է ի լուր 4 Մարտին Եամանի մէջ տեղի ունեցած բռնարարքին, որուն զոհ գացին 16 հոգիներ, ներառեալ Քալքութայի Մայր Թերեզայի միաբան չորս կրօնաւորուհիները որոնցմէ մին հնդիկ քոյր Անսելման էր։

Լիանիստ գումարի մասնակցող 180 եպիսկոպոսները աղօթք բարձրացուցին Ամենախնամ Տիրոջ բոլոր զոհերուն համար. յայտնելով իրենց ցաւակցութիւնը Մայր Թերեզայի միաբանութեան ու միաժամանակ ընդգծեցին որ նման բռնարարքներ գործադրուած հիւանդ միտքերէ, պիտի չկարողանան կեցնել գթութեան միաբանութեան քոյրերը իրենց առաքելութիւնը շարունակելէ հանդէպ աղքատին ու հիւանդին։

Եպիսկոպոսները միաժամանակ յայտնեցին իրենց մտահոգութիւնն ու մաղթանքը, որ շուտով ազատ արձակուի առեւանգուած հնդիկ սալեզեան հայր Tom Uzhunnalil որ ներկայիս կը գտնուի մարդասպան ահաբեկիչներու ձեռքերուն մէջ։








All the contents on this site are copyrighted ©.