2016-03-08 11:05:00

Արիչչայի մէջ հոգեւոր կրթութեան երրորդ օրուայ խորհրդածութիւններու նիւթերը։


(Ռատիօ Վատիկան)  Կիրակի` 6 Մարտի երեկոյեան ժամը 6-էն սկսեալ Ֆրանչիսկոս Պապ եւ Վատիկանի Վերին իշխանութեան պատասխանատուները, Արիչչայի Աստուածային Տուն կեդրոնին մէջ կը մասնակցին քառասնորդացի  հոգեւոր կրթութեան որուն այս տարուայ քարոզիչն է Հար Էրմէս Ռոնքի եւ որ խորհրդածութիւններու որպէս նիւթ ընտրած է Աւետարաններու մէջ պարունակուած Յիսուսին ուղղած 10 հարցումներ։

Երեքշաբթի 8 Մարտի խորհրդածութեան նիւթերն են. Յիսուս դարձեալ հարցուց անոնց ''իսկ դուք ո՞վ կը կարծէք որ ես ըլլամ'(Ղուկ. 9,20). ''Կնոջ դառնալով ըսաւ Սիմոնին ''կը տեսնե՞ս այս կինը'' (Ղուկ. 7,44)''։

Առաջին հարցումէն ետք զոր Յիսուս ուղղեց իր աշակերտներուն Ան անոնց կը յայտնէ թէ ''Մարդու Որդին պիտի չարչարուի, մերժուի ու պիտի սպաննուի եւ երրորդ օրը Յարութիւն պիտի առնէ։

Հայր Ռոնքի իր խորհրդածութեան ընդմէջէն բացայայտեց թէ Եկեղեցին լուսարձակները կեդրոնացնելու է Յիսուսի եւ ոչ թէ իր վրայ մատնանշելով թէ Յիսուսին ուղղած հարցումը ''սիրոյ'' հարցում է որովհետեւ Յիսուս չուզեր ոչ մէկը ստիպել այլ կ՛ուզէ որ իր աշակերտներուն սրտերը բաց ըլլան ապա անոնց ժամադրութիւն մը կու տայ` Խաչին վրայ։ Այժմ գիտենք թէ ո՞վ է Յիսուս - ըսաւ Հայր Ռնքի - Մէկ մըն է որ կը համբուրէ զինք դաւաճանողը։ Ոչ մէկուն արիւնը կը թափէ այլ Իրը եւ ոչ մէկը կը զոհէ այլ Ինքզինք կը զոհէ
Հայր Ռոնքի ապա  հաստատեց թէ Յիսուս ամէն մէկուն չըսեր ''Իմ'' խաչս կռէ այլ իւրաքանչիւրը ''իր'' խաչը, որովհետեւ Աստուծոյ երազը այն է տեսնել բազմութիւնը որ կ՛ուղղուի դէպի բարի կեանք մը։ Կեանք մը որ յանձնառ­ութեամբ եւ հետեւողականութեամբ յատկանշուած է որ ապա ունի լոյսի քաղցր եզրակացութիւն. Երրորդ օրը Յարութիւն պիտի առնէ։

Երրորդ օրուան հոգեւոր կրթութեան  մտածականի երկրորդ հարցումը կը հայի այն մեղաւոր կնոջ որ իմանալով թէ Յիսուս այցելութեամբ կը գտնուի Փարիսեցիի մը տունը այնտեղ կ՛երթայ իր հետ տանելով ալապաստրէ սրուակ մը, լեցուն անոյշ իւղերով ու լալագին կը թրջէ եւ կը լուայ Յիսուսի ոտքերը եւ իր մազերով կը սրբէ ապա կը համբուրէ զանոնք եւ անոյշ իւղով կ՛օծէ։ Յիսուս այս տեսնելով Սիմոնին կը յայտնէ թէ այդ կնոջ մեղքերը ներուած են որովհետեւ շատ սիրեց։ ''Որուն շատ ներուի, շատ կը սիրէ, իսկ ան որուն քիչ ներուի, քիչ կ ը սիրէ'' ըսաւ Յիսուս։

Յայտնենք թէ  երկուշաբթի` 7 մարտի երեկոյեան Քահանայապետական թուիթերեան կայքին վրայ հրատարակուեցաւ նոր թուիթ մը որուն ընդմէջէն Քահանայապետը հրաւէր ուղղեց հաւատացեալներուն իրենց կենցաղով եւ ապրելակերպով ըլլալու շօշափելի նշանը Աստուծոյ  մօտիկութեան։

''Իմ կեանքս, իմ վերաբերմունքս, իմ ապրելակերպս ըլլալու է շօշափելի նշան այն իրողութեան թէ Աստուած մեզի մօտ է'' գրեց Ֆրանչիսկոս Պապ։








All the contents on this site are copyrighted ©.