2016-03-07 12:28:00

Ֆրանչիսկոս Պապի պատգամը Ուքրանիոյ Յոյն Կաթողիկէ եկեղեցւոյ Արքեպիսկոպոսին


(Ռատիօ Վատիկան) Ուքրանիոյ  Յոյն Կաթողիկէ եկեղեցին այս օրերուն  նշեց Լվիվի  անկանոն սիւնհոդոսի հաստատումին 70 ամեակը։

Այս առթիւ Ֆրնաչիսկոս Պապ պատգամ մը յղեց Ուքրանիոյ Յոյն Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ Արքեպիսկոպոս՝ Գերապայծառ Սվեաթոսլավ Շեվչուքին, որուն մէջ   անդրադառնալով 70 տարի առաջ, հակաեկեղեցական գաղափարախօսութենէ  յառաջացած՝  1946-ին հաստատուած անկանոն սիւնհոդոսին, որ պատճառ դարձաւ  հաւատացեալներու  եւ հովիւներուն միջեւ բաժանումներու  եւ տառապանքներուն, յարեց` ''յիշատակելով սոյն արարքները երախտագիտութեամբ կը խոնարհինք բոլոր անոնց դիմաց,  որոնք վկայութիւն տուին իրենց հաւատքին, որ ապրուեցաւ եկեղեցւոյ ի սպաս մեծ նուիրումով, եւ Սուրբ Պետրորսի յաջորդին հետ անքակտելի միութեամբ''։ 

Ֆրանչիսկոս Պապ ապա յորդորեց  միեւնոյն հաւատքէն լուսաւորուած աչքերով նայելու  Յիսուս Քրիստոսին,  Անոր վրայ զետեղելու իրենց  բոլոր յոյսը՝ եւ ոչ թէ մարդկային արդարադատութեան, հաստատելով թէ Յիսուսն է  աղբիւրը յոյսին՝ ներկայի եւ ապագային համար։

Ֆրանչիսկոս Պապ իր պատգամին մէջ  երախտագիտութիւնը յայտնած է  Ուքրանիոյ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ ունեցած հաւատարմութեան համար, քաջալերելով զանոնք ու վերահաստատելով իր զօրակցութիւնը բոլոր հովիւներուն եւ հաւատացեալներուն, որոնք   այս  դժուարին եւ  տագնապալի պահերուն աշխատանք կը տանին ամոքելու ժողովուրդին ցաւերը  եւ որոնելու նոր ուղիներ  Ուքրանիոյ խաղաղութեան ի սպաս։

Ֆրանչիսկոս Պապ պատգամը աւարտեց  հայցելով  Աստուծմէ՝ որպէսզի Սուրբ Կոյս Մարիամի եւ Ուքրանիոյ եկեղեցւոյ մարտիրոսներու  բարեխօսութեամբ, Աստուածային Մխիթարութեամբ լուսաւորէ Ուքրանիոյ եւ  աշխարհի մէջ գտնուող  Ուքրանացի հասարակութիւնները միեւնոյն ատեն Եպիսկոպոսներուն, Քահանաներուն նուիրել անձերուն եւ Յոյս Կաթողիկէ եկեղեցւոյ հաւատացեալներուն շնորհելով   առաքելական յատուկ օրհնութիւնը։








All the contents on this site are copyrighted ©.