2016-03-07 14:13:00

Սուրբերու Դատին հայող Կարդինալական Վեհաժողով 15 Մարտին։


(Ռատիօ Վատիկան) Յառաջիկայ 15 Մարտ 2016-ի առաւօտեան ժամը 10-ին, Վատիկանի առաքելական պալատի Քոնչիսթորօ սրահին մէջ, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը կը գլխաւորէ ժամասացութեան արարողութիւնը որուն կը յաջորդէ սուրբերու դատին հայող Կարդինալական Վեհաժողով, որուն ընթացքին պիտի քննարկուին ու քուէարկութեան պիտի դրուին հետեւեալ երանելիներու սրբադասումները. Երանելի Ճուզեփփէ Սանչէս Տէլ Ռիօ, Երանելի Սթանիզլաւ Տի Ճեզու Մարիա, Երանելի Ճուզեփփէ Կապրիելէ Տէլ Ռոզարիօ Պրոքերօ, Երանելի Մարիա Էլիզապեթթա Հեսսելպալտ եւ երանելի Քալքութայի Մայր Թերեզան։








All the contents on this site are copyrighted ©.