2016-03-07 09:47:00

Զուիցերիոյ Քարիթասը կը բազմապատկէ Յունաստան ապաստանած գաղթականներուն օգնութիւնները։


(Ռատիօ Վատիկան) 2,5 միլիոն եւրոյի գումարով Զուիցերիոյ Քարիթասը օգնութեան կը հասնի Յունաստան ապաստան գտած գաղթականներուն յատուկ ուշադրութիւն տալով գաղթական մայրերու, ծերերու, հիւանդներու եւ անկարներու։

Յունաստանի կառավարութեան գնահատումով գաղթականներու թիւը աւելի քան 30 հազար է։ Բնականաբար այս թիւը օրէ օր կ՛աճի։ Պալքան երկիրներու սահմանները փակ են գաղթականներու դիմաց։

Քարիթասը մասնաւորապէս կը գործէ Լեսփօ կղզիին մէջ, ուր յատուկ խնամակալութիւն կ՛ապահովէ  կը անկարներուն եւ մանուկներուն։ Մինչ Աթէնքի շրջանին մէջ  օգնութիւններ կը մատուցէ տարեցներուն։ Իսկ Իտոմենի մէջ (սահմանակից Մակեդոնիայի) Զուիցերական Քարիթասը` գաղթականներուն ի սպաս առողջապահական ենթակառոյցներ հաստատած է ։ 








All the contents on this site are copyrighted ©.