Թրքական ոստիկանութիւնը շաբաթ օր դարձեալ արցունքաբեր կազ օգտագործեց ցրուելու համար «Զաման» օրաթերթի խմբագրատան առջեւ հաւաքուած ցուցարարները, որոնք կը բողոքէին ապահովական ուժերուն կողմէ խմբագրատան գրաւման դէմ:
Ոստիկանութիւնը արցունքաբեր կազ եւ ջրաշիթ մեքենաներ օգտագործեց` ցրուելու համար Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի ընդդիմախօս օրաթերթի խմբագրատան առջեւ հաւաքուած ցուցարարները:
Թրքական իշխանութիւններուն այդ քայլը արժանացաւ Արեւմուտքի քննադատութեան: Եւրոպական Միութիւնը Անգարային կոչ ուղղեց յարգելու խօսքի ազատութիւնը: Միութիւնը Թուրքիոյ հետ իր վեհաժողովէն երկու օր առաջ հրապարակած իր հաղորդագրութեան մէջ նշեց, որ Թուրքիան` իբրեւ Եւրոպական Միութեան անդամակցութեան թեկնածու երկիր, պէտք է յարգէ ժողովրդավարութեան կանոններն ու գործելաոճը, որոնց շարքին` լրատուամիջոցներու ազատութիւնը: Նշենք, որ Պրիւքսէլի մէջ նախատեսուած վեհաժողովը յատկացուած է գաղթականներու ճգնաժամին:
Գերմանիոյ ելեւմուտքի նախարար Վոլֆկանկ Շոյպլէ «Պի.Պի.Սի.»-ի հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ Գերմանիոյ կառավարութիւնը լուրջ կասկածներ ունի Թուրքիոյ` Եւրոպական Միութեան հաւանական անդամակցութեան շուրջ: «Քննարկումը շատ երկար պիտի տեւէ, այժմ այդ մասին չ՛արժեր մտահոգուիլ», ըսաւ ան:
Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Ճոն Քըրպի մտահոգիչ նկատեց լրատուամիջոցներուն նկատմամբ թրքական իշխանութիւններուն վերջին միջոցառումները: «Մենք տեղեակ ենք թրքական «Զաման» օրաթերթին մէջ տեղի ունեցող իրադարձութիւններէն: Կատարուածը թրքական կառավարութեան կողմէ զինք քննադատող լրատուամիջոցները թիրախ դարձնող մտահոգիչ գործողութիւններու շարքին վերջին դէպքերէն է: Մենք կը յորդորենք Թուրքիոյ կառավարութեան յարգանք ցուցաբերել իրաւունքի եւ օրէնքի նկատմամբ: Ժողովրդավարական հասարակութեան մէջ քննադատական կարծիքները պէտք է ողջունուին, եւ ոչ թէ` լռեցուին», ըսաւ Քըրպի:
Պոլսոյ մէկ դատարանին որոշումով Միացեալ Նահանգներ բնակող իսլամ թուրք քարոզիչ Ֆեթհուլլա Կիւլենի համակիր նկատուող «Զաման» օրաթերթին նոր խնամակալութիւն մը նշանակուած է: «Զաման»-ի մեծ թիւով կողմնակիցներ 4 մարտէն ի վեր օրաթերթի խմբագրատան առջեւ բողոքի ցոյց կը կատարեն:
Թուրքիոյ մէջ դատարանի որոշումով վերջերս փակուած են «Քանալթիւրք», «Պուկիւն Թի.Վի.» պատկերասփիւռի կայանները, «Կազեթեսի», «Միլլեթ Կազեթեսի» օրաթերթերը եւ «Քանալթիւրք» ձայնասփիւռի կայանը: Լրատուամիջոցները փակուած են «Քոզա Իփեք» ընկերութեան գլխաւոր գրասենեակին մէջ եւ անոր 23 ընկերութիւններուն նկատմամբ քրէական գործի ծիրին մէջ: Թրքական իշխանութիւնները կը պնդեն, որ այդ ընկերութիւնները կը ֆինանսաւորեն Կիւլենի շարժումը:
All the contents on this site are copyrighted ©. |