2016-03-06 13:22:00

Ֆրնաչիսկոս Պապին 6 Մարտի Մարեմեան Աղօթքի խորհրդածութիւնը։


(Ռատիօ Վատիկան) Կիրակի 6 Մարտ 2016-ի կէսօրին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը իր գրասենեակի պատուհանէն արտասանեց Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան աղօթքը եւ աղօթքէն առաջ ներկայացուցած խորհրդածութեան մէջ անդրադարձաւ  օրուան սուրբ գրային ընթերցումէն` Ղուկասի աւետարանէն քաղուած ողորմութեան հայող երեք առակներու մասին, կորսուած եւ վերագտնուած ոչխարը (Ղուկաս 15, 4-7), կորսուած դրամը (Ղուկաս 15, 8-10) եւ անառակ որդիին կամ աւելի ճիշտ ողորմած Հօր առակը (Ղուկաս 15, 11-32)։  

Այսօր` ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ, քառասնորդացի ուղեւորութեան շրջագիծէն ներս, Աւետարանը մեզի կը ներկայացնէ Ողորմած Հօր առակը, որ ունի որպէս գլխաւոր դերակատար Հայր մը երկու զաւակներով։

Հատուածի ընթերցումէն ի յայտ կու գայ այս հօր դիմագիծը` Հայր մը որ միշտ պատրաստ է ներելու եւ կը յուսայ ամէն յոյսէ աւելի։ Ան հակառակ իր կամքին թոյլ կու տայ որ կրտսեր զաւակը տունէն հեռանայ, թէեւ կարող էր դէմ կենալ այդ որոշումին։ Աստուած եւս նոյնպէս կը վարուի մեր հետ։ Մեզ ազատ կը թողու, թոյլ կու տայ որ սխալինք, որովհետեւ Ան մեզ ստեղծելով մեզի պարգեւեց նաեւ ազատութեան պարգեւը ու մեզի կ՛իյնայ լաւապէս օգտագործել զայն։

Այդ զաւկէն բաժանումը սակայն կը մնայ լոկ ֆիզիկական որովհետեւ Հայրը զայն կը կրէ միշտ իր սրտին մէջ եւ յոյսով կը սպասէ անոր վերադարձին։ Օր մը կը տեսնէ թէ հեռուէն կը մօտենար եւ կը փութայ անոր մօտ, կը դիմաւորէ զինք, կը նետուի անոր վիզը ու կը համբուրէ զինք։ Թէեւ զաւակը մեծ սխալներ գործեց Հայրը զինք կը դիմաւորէ քնքշութեամբ։

Հայրը ապա նոյն քնքշութեան ու հոգատար հօր վերաբերմունքը կը վերապահէ նաեւ անդրանիկ զաւկին որ միշտ տունը մնացած էր, եւ այժմ դժգոհած բարկութեամբ լի էր, որովհետեւ չէր հասկնար հօր այս բարութիւնը հանդէպ եղբօրը որ սխալած էր։

Հայրը մօտը կ՛երթայ եւ կ՛աղաչէ որ մտնէ տուն` եւ ուրախութիւնը բաժնեկցի իր եղբօրը հետ որ տուն վերադարձաւ։

Այս մէկը ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը միտքս կը բերէ երկու կեցուածքներ. երբ մէկը ինքզինք մեղաւոր կը նկատէ կը զգայ թէ անարժան է իր հօր, մինչ շատ մը ուրիշներ իրենք զիրենք արդար կը նկատեն ու Հայրը կ՛ընդառաջէ անոնց հասկցնելու թէ այդ կեցուածքը սխալ է, որովհետեւ կրնայ սատանայէն բխիլ որպէս սնապարծութիւն։

''Հայրը հաւասարապէս կը սպասէ մէկն ու միւսը։ Այս է մեր Հայրը'' ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը եւ ակնարկեց առակի մէջ թաքնուած երրորդ զաւկին` որ է Յիսուս` ծառայ-զաւակը, որ կը գտնուի Հօր սրտին ու բազուկներուն ներքոյ։ Ինք Յիսուս մեզի կը սորվեցնէ ըլլալ Հօր նման ողորմած­, յարեց Ֆրանչիսկոս Պապը  հաստատելով թէ առակին մէջ Հայրը մեզի կը բացայայտէ Աստուծոյ սիրտը` որ է Ողորմած Հայր` եւ որ Յիսուսի միջոցաւ մեզ սիրեց անսահմանօրէն ու միշտ կը սպասէ մեր դարձին ու մեր ապաշխարութեան, ամէն անգամ որ մեղանչենք։ Սխալները զոր կը գործենք, որքան ալ որ մեծ ըլլան, չեն գերազանցեր Անոր սէրն ու հաւատարմութիւնը։ Եւ Խոստովանանքի խորհուրդին միջոցաւ մենք կարող ենք միշտ վերսկսիլ մեր ընթացքը։ Ան մեզ կ՛ընկալէ ու մեզի կը վերադարձնէ իր զաւակները ըլլալու արժանապատուութիւնը ու մեզի կ՛ըսէ ''կանգնէ ու յառաջ ընթացիր'' ըսաւ Նորին Սրբութիւնը խորհրդածութեան աւարտին հրաւիրելով հաւատացեալները` քառասնորդացի շրջանին ամրապնդելու ներքին ապաշխարութեան ընթացքը։

 

Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան աղօթքը արտասանելէ ետք, Սրբազան Քահանայապետը ողջունելով հրապարակը համախմբուած հաւատացեալները դարձեալ իր մօտիկութիւնը յայտնեց Մայր Թերեզայի  ''Գթութեան Միսիոնարներ'' միաբանութեան, ի տես երկու օրեր առաջ, Եմենի մէջ, միաբանութեան անդամ չորս մայրապետներու սպանութեան։

''Կ՛աղօթեմ անոնց համար եւ անոնց հետ զոհուած միւս անձերուն համար ու անոնց ընտանեկան պարագաներուն համար'' ըսաւ Սրբազան Հայրը զանոնք որակելով ''ժամանակակից մարտիրոսներ'' որոնք իրենց արիւնը կու տան Եկեղեցւոյ եւ զոհ ենք անտարբերութեան համաշխարհայնացումին։ Թող Մայր Թերեզան դէպի երկինք առաջնորդէ իր այս գթութեան մարտիրոս զաւակները ու բարեխօսէ ի սպաս խաղաղութեան ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը ապա իր հիացումն ու գնահատանքը յայտնեց` Իտալիոյ մէջ ձեռնարկուած` փախստականներու ի սպաս մարդասիրական ծրագրին­, որ կարելի դարձաւ համամիութենական համագործակցութեամբ, տրուած ըլլալով որ անոր ձեռնարկողներ են Սանդ Էճիտոյ հասարակութիւնը, Իտալիոյ Աւետարանական եկեղեցիներու դաշնակցութիւնը եւ Վալտէզ ու Մեթոտիստ եկեղեցիները։

Ֆրանչիսկոս Պապ հուսկ իր ողջոյնի խօսքը ուղղեց տարբեր երկիրներէ ժամանած ուխտաւորներուն ապա յատուկ աղօթք մը խնդրեց  իրեն ու իրեն համագործակիցներուն համար որոնք այսօր երեկոյեան պիտի սկսին իրենց   հոգեւոր կրթութիւնը որ  վերջ պիտի գնտէ յառաջիկայ ուրբաթ օր։

Բոլորիդ  կը մաղթեմ բարի կիրակի­,  բարի ախորժակ եւ ցտեսութիւն ըսաւ Քահանայապետը եզրափակելով Մարեմեան Աղօթքը։








All the contents on this site are copyrighted ©.