2016-03-05 11:46:00

Ֆրանչիսկոս Պապին քարոզը ապաշխարութեան խորհուրդի արարողութեան ընթացքին։


(Ռատիօ Վատիկան) ''Ռաբբունի աչքերս թող բացուին'' (Մարկոս 10, 51) այս է խնդրանքը որ մենք այսօր կ՛ուզենք ուղղել Տիրոջ։ Դարձեալ տեսնել, մեզի տեսողութիւնը կորսնցնել տուած մեղքերէն ետք  որ մեզ զրկեցին մեր կոչումին գեղեցկութենէն ու հեռացուցին մեզ մեր նպատակէն։

Այս բառերով է որ Ֆրանչիսկոս Պապ սկսաւ ''24 ժամ Տիրոջ համար'' ապաշխարութեան խորհուրդի արարողութեան ընթացքին արտասանած իր քարոզը` ուրբաթ 4 Մարտի յետմիջօրէին, Սուրբ Պետրոսի մայր տաճարին մէջ հաստատելով թէ այս աւետարանական հատուածը յատկանշական արժէք ունի որովհետեւ մեզմէ իւրաքանչիւրը կը գտնուի Երիքովի կոյրին` Բարտիմէոսի ապրած իրավիճակին մէջ։ Անոր կուրութիւնը զինք մղած էր աղքատութեան եւ ապրելու քաղաքի արուարձաններուն մէջ։ ''Մեղքը եւս նոյն հետեւանքները ունի` մեզ կ՛աղքատացնէ ու մեզ կը կղզիացնէ։ Հոգեւոր կուրութիւն մըն է որ մեզ կը զրկէ էականի տեսողութենէն ու մեր հայեացքը կեդրոնացնելու կեանք պարգեւող սիրոյ վրայ'' ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը հաստատելով թէ ''մեղքը ապա մեզ կը մղէ կեդրոնանալու մակերեսային բաներու վրայ ու մեզ կը դարձնէ անզգամ ուրիշներու ու բարիին նկատմամբ''։

Որքան սխալ է այն ըմբռնումը թէ կեանքը կախեալ է մեր ստացուածքներէն, մեր յաջողութիւններէն ու հիացումներէն որ կ՛ընդունինք. թէ տնտեսութիւնը եղած է միայն շահի համար. թէ անձնական ձգտումները գերակայելու են ընկերային պատասխանատուութեան վրայ։ ''Միայն մեր ''այոյին'' նայելով մենք կոյր կը դառնանք'' հաստատեց' Ֆրանչիսկոս Պապ ու շարունակեց ըսելով ''սակայն Յիսուս կ՛անցնի։ Կ՛անցնի ու կանգ կ՛առնէ։  Սարսուռ մը մեր սիրտը կը պատէ, որովհետեւ կ՛անդրադառնանք որ Լոյսը մեզի կը նայի եւ այդ լոյսը մեզ կը հրաւիրէ մեր կուրութեան մէջ չմնալու''։ Յիսուսի մօտիկութիւնը մեզի կը հասկցնէ թէ երբ Անորմէ հեռու ենք մեզի կը պակսի կարեւոր մէկ բան։ Թէ մենք կարիքը ունինք փրկութեան ու երբ կ՛ընդունինք բուժուիլ` կը դիմենք աղօթքի, ու Բարտիմէոսի հետ միասին կ՛աղաղակենք ''Որդի Դաւթի գթա՛ վրաս''։

Ընդունինք որ ամէնքս Աստուծոյ սիրոյն մուրացկաններ ենք ու թոյլ չտանք որ Տէրը անցնի առանց մեզի նայելու ու մեր ձայնը բարձրացնենք ըսելով '' Ռաբբունի աչքերս թող բացուին'', յարեց ապա Ֆրանչիսկոս Պապ դիտել տալով թէ Ողորմութեան Յոբելեանը պատեհ առիթ է ընկալելու Աստուծոյ ներկայութիւնը ու փորձարկելու Անոր սէրը վերադառնալով Անոր բոլոր սրտով։

Բարտիմէոս կոյրին նման մեր վերարկուն նետենք մեր վրայէն ու մէկ ոստումով ոտքի ելլենք։ Նետենք այն ամէն բաները որ մեզի արգելք են ընթանալու դէպի Տէրը։ Դիմենք Անոր որպէսզի առիթ ունենանք անոր ներումը ընդունելու` ''գնա հաւատք քեզ փրկեց''։

Սրբազան Քահանայապետը ապա խօսքը ուղղեց եկեղեցւոյ հովիւներուն յանձնարարելով. ''այսօր աւելի քան երբեք. որպէս հովիւներ կանչուած ենք ունկնդրելու ճիչն ու աղաղակը անոնց որոնք կ՛ուզեն Տիրոջ հանդիպիլ''։

Մենք պէտք ենք վերատեսել մեր վարուելակերպը որ շատ անգամ չ՛ օգներ մարդիկը` մօտենալու Յիսուսին։ Մեր խօսքերը թող համապատասխանեն աշակերտներու խօսքերուն որոնք կրկնելով Յիսուսի արտայայտութիւնը` Բարտիմէոսին կ՛ըսեն. ''քաջալերուէ, ե՛լ կը կանչէ քեզ''։ Մենք առաքուած ենք քաջութիւնը տարածելու ու մարդիկը առաջնորդելու դէպի Յիսուս առանց մոռնալու որ մեր առաքելութիւնը առաջնորդել է, միջնորդներ ենք, եւ թէ Աստուած է որ կը ներգործէ։ Աւետարանին մէջ Ինքն է որ կանգ կ՛առնէ, հարց կու տայ կոյրին, կը հրամայէ որ իր մօտ բերեն զայն, կ՛ունկնդրէ անոր աղաղակը եւ կը բուժէ զինք։ Մենք ընտրուած ենք որպէս հովիւներ արծարծելու ապաշխարութեան իղձը եւ ըլլալու հանդիպումը դիւրացնող գործիքներ ու տեսանելի դարձնելու Աստուծոյ ողորմութիւնը։

''Թող ամէն անհատ որ կը մօտենայ խոստովանարան, այնտեղ գնտէ հայր մը որ զինք կը սպասէ։ Գտնէ Հայրը որ զինք կը ներէ'' ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ իր քարոզին աւարտին եւ անդրադառնալով Աւետարանական հատուածին վերջաբանին ''Իսկոյն անոր աչքերը բացուեցան եւ հետեւեցաւ Յիսուսին'' յայտնեց. ''մենք եւս երբ կը վերադառնանք Յիսուսին կը տեսնենք լոյսը ու կը վերագտնենք ուժն ու քաջութիւնը յառաջ ընթանալու։ Այն որ կը հաւատայ կը տեսնէ որովհետեւ վստահ է որ Տէրը ներկայ է եւ իրեն թիկունք կը կանգնի ու կ՛ուղեկցի։ Հաւատարիմ աշակերտներու նման մենք ալ հետեւինք Անոր, ու անոր ուրախութեան ու սիրոյն մասնակից, դարձնենք բոլոր անոնք որոնց կը հանդիպինք մեր ճանապարհի ընթացքին. Եւ Հօր ողջագուրումէն ետք բոլորս ուրախանանք ու հրճուինք մեր սրտերուն մէջ, որովհետեւ Ինք` Տէրը կ՛ուրախանայ, ըսաւ Նորին Սրբութիւնը քարոզը եզրափակելով։ 








All the contents on this site are copyrighted ©.