2016-03-05 13:03:00

Ֆրանչիսկոս Պապի ցաւակցական գիրը՝՝Թուքսթեփէք՝՝ քաղաքի մէջ պատահած արկածին ի լուր


(Ռատիօ Վատիկան) Հինգշաբթի, 5 մարտին, Մեքսիքոյի ՝՝Թուքսթեփեք՝՝ քաղաքին մէջ նոր եկեղեցւոյ մը կառուցման աշխատանքներու ընթացքին՝  մեծ արկածի մը հետեւանքով զոհուած են  4 անհատներ եւ վիրաւորուած՝ 14 հոգիներ

Սոյն արկածին ի լուր, շաբաթ, 5 մարտին, Վատիկանի Պետական Քարտուղար Կարդինալ Փիրեթրօ Փարոլին, յանուն Ֆրանչիսկոս Պապին, ցաւակցական գիր մը ուղղած է Թեմի եպիսկոպոսին­ որուն մէջ յայտնած է Սրբազան Հօր խորին ցաւակցութիւնը ու աղօթքը զոհերու հոգիներուն, անոնց ընտանեկան պարագաներուն, ինչպէս նաեւ վերապրողներուն համար ` անոնց մաղթելով շուտափոյթ ապաքինում։

Սրբազան Քահանայապետը ապա Կուտալաուփի Տիրամօր յանձնած է այդ վշտի ու ցաւի բոլոր պահերը։ 








All the contents on this site are copyrighted ©.