2016-03-05 09:29:00

Ռուսիան, Ֆրանսան, Գերմանիան, Բրիտանիան եւ Իտալիան քննարկեցին Սուրիոյ տագնապի հարցը


Իտալական կառավարութենէն աղբիւր մը յայտարարեց, որ Ռուսիոյ, Ֆրանսայի, Գերմանիոյ, Բրիտանիոյ եւ Իտալիոյ ղեկավարները երէկ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցած են` քննարկելու համար Սուրիոյ տագնապը:

Աղբիւրը աւելցուց, որ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին, Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Հոլլանտ, Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքել, Բրիտանիոյ վարչապետ Տէյվիտ Քամերոն եւ Իտալիոյ վարչապետ Մաթիու Ռենզի Սուրիոյ մէջ տիրող կացութեան շուրջ զրուցած են:

Էլիզէի պալատը հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտնեց, որ Հոլլանտ յայտարարած է, թէ հինգ ղեկավարներուն միջեւ Սուրիոյ հարցին շուրջ տեսակէտներու փոխանակումը օգտակար էր:

Հոլլանտ յայտնած է. «Յառաջիկայ շաբաթ Սուրիոյ մէջ ընտրութիւններու կազմակերպումը գրգռիչ եւ անիրատես գաղափար մըն է»:

Քրեմլին հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով հաղորդեց, որ Փութին յայտնեց, թէ ապրիլին խորհրդարանական ընտրութիւններ կազմակերպելու սուրիական իշխանութիւններուն որոշումը խաղաղութեան հոլովոյթին համար արգելք մը չէ:

Քրեմլին նշեց, որ Ռուսիոյ, Բրիտանիոյ, Գերմանիոյ, Ֆրանսայի եւ Իտալիոյ ղեկավարները պատրաստ են Սուրիոյ մէջ մարդասիրական ջանքերը աշխուժացնելու: Քրեմլին յայտնեց, որ Սուրիոյ մէջ զինադուլը կու տայ իր առաջին արդիւնքները, ինչ որ ՄԱԿ-ի հովանաւորութեամբ երկխօսութեան ձեռնարկման համար պայմաններ կը ստեղծէ:

Քրեմլին նշեց, որ հինգ երկիրներու ղեկավարները աջակցած են Սուրիոյ տագնապի լուծման ճանապարհային քարտէսին, որ կազմուած էր Սուրիոյ աջակցութեան խմբակին կողմէ եւ վաւերացուած ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 2254 բանաձեւով:








All the contents on this site are copyrighted ©.