2016-03-05 09:45:00

Մեղքերու խոստովանութեան անհրաժեշտութիւնը


ՎԱՂԻՆԱԿ Ծ. ՎՐԴ. ՄԵԼՈՅԵԱՆ

Աստուածաշունչը կը պարզէ մեղքերու խոստովանութեան անհրաժեշտութիւնը: Արդ, ինչո՞ւ համար անհրաժեշտ է խոստովանիլ մեր մեղքերը.-

1) Որովհետեւ չխոստովանուած մեղքերը կը մաշեցնեն մարդը, կը սպաննեն անոր հոգին, կ’անդամալուծեն անոր յարաբերութիւնը Աստուծոյ հետ: Այս մասին Դաւիթ մարգարէն կ’ըսէ. «Երբ մեղքերս չխոստովանեցայ, ոսկորներս մաշեցան» (Սաղմոս 32.3):

2) Որովհետեւ չխոստովանուած մեղքերը կը փակեն մեր դիմաց յաջողութեան դռները եւ մեզ կը զրկեն Աստուծոյ ողորմութենէն: Սողոմոն Իմաստուն կ՛ըսէ. «Իր յանցանքները ծածկողը յաջողութիւն չի գտներ, բայց զանոնք խոստովանողն ու մէկդի ձգողը ողորմութիւն կը գտնէ» (Առակաց 28.13): Համաձայն Սողոմոնի այս խօսքին, խոստովանանքը Աստուծոյ ողորմութեան դուռը բանալ է:

3) Որովհետեւ չխոստովանուած մեղքերը կը խլեն մեր ձեռքէն Աստուծոյ ներկայութեան կանգնելու մեր համարձակութիւնը: Եզրաս քահանան ցոյց կու տայ, թէ ինչպէ՛ս Իսրայէլի յանցանքը պատճառ դարձած էր, որ ալ չկարենար համարձակ կերպով կանգնիլ Աստուծոյ առջեւ (Եզրաս 9.15):

4) Որովհետեւ մեղքերու խոստովանութիւնը կ՛արդարացնէ մեզ: Յիշենք օրինակը այն մաքսաւորին, որ տաճարին մէկ անկիւնը կանգնած` կուրծքը կը ծեծէր եւ կ՛ըսէր. «Աստուա՜ծ, ներէ՛ մեղաւորիս մեղքերը»: Յիսուս կը վկայէ, որ մաքսաւորը «արդարացած տուն գնաց» (Ղուկաս 18.13-14):

5) Որովհետեւ մեղքերու խոստովանութիւնը կը բժշկէ մեր սիրտն ու հոգին: Յակոբոս առաքեալ կ’ըսէ. «Ձեր մեղքերը իրարու խոստովանեցէք եւ իրարու համար աղօթեցէք, որպէսզի բժշկուիք» (Յակոբոս 5.16):

Մեր եկեղեցին նկատի ունենալով մեղքերու խոստովանութեան կարեւորութիւնը` կարգադրած է, որ պատարագի ընթացքին եւ սուրբ հաղորդութեան ստացումէն առաջ, կատարուի հաւաքական խոստովանանք: Կարգ մը եկեղեցիներ շեշտը կը դնեն անհատական խոստովանանքի վրայ: Մեր եկեղեցին ընդունելով հանդերձ անհատական խոստովանանքի դրութիւնը, առաւելաբար սակայն կը քաջալերէ հաւաքական խոստովանանքը` խուսափելու համար անհատական խոստովանանքի յարուցած դժուարութիւններէն:

Հաւաքական խոստովանանքի պահուն կը կարդացուի «Զղջում»-ը, որ կը բաղկանայ ինը բաժիններէ.-

Առաջինին մէջ կը հաստատուի, թէ մենք մեղանչած ենք Սուրբ Երրորդութեան, Սուրբ Աստուածածինին եւ բոլոր սուրբերուն առջեւ:

Երկրորդին մէջ կը խօսուի մարդուն հոգեկան աշխարհը պղծող մեղքերուն մասին:

Երրորդին մէջ` մարդուս միտքը յաճախող չար խորհուրդներուն մասին:

Չորրորդին մէջ` մարդուս մարմնական ցանկութիւններուն մասին:

Հինգերորդին մէջ` մարդուս լեզուին միջոցով գործուած մեղքերուն մասին:

Վեցերորդին մէջ` մարդուս ձեռքերուն միջոցով ի գործ դրուած անօրէնութեանց մասին:

Եօթներորդին մէջ` մարդուս մարմինին անդամներուն, հինգ զգայարանքներուն եւ հոգիին վեցեակ շարժումներուն միջոցով կատարուած սխալ արարքներուն մասին:

Ութերորդին մէջ` եօթը մահացու մեղքերուն մասին:

Իններորդին մէջ` մարդուս գործած կամաւոր ու գիտակից պատուիրանազանցութիւններուն մասին:

Հայ եկեղեցին կը քաջալերէ իր բոլոր զաւակները, յատկապէս` ամուսնացեալ եւ խօսեցեալ զոյգերը, որ յաճախակիօրէն մասնակից դառնան հաւաքական խոստովանանքին, եւ ի հարկին` դիմեն անհատական խոստովանանքի: Եկեղեցին պարտականութիւն կը նկատէ յիշեցնել իր զաւակներուն, որ ըլլա՛յ հաւաքական եւ ըլլա՛յ անհատական խոստովանանքի պահուն, զղջումի անկեղծ զգացումն ու ապաշխարութեան հոգին միասնաբար պէտք է ներկայ ըլլան հաւատացեալին մէջ, որովհետեւ չոր սովորութիւն կամ պարտականութիւն դարձած խոստովանանք մը մեղքերու թողութիւն չի բերեր: Խոստովանանքը հաւաքական ըլլայ թէ անհատական, մեղքերու թողութիւն կը բերէ միայն այն ատեն, երբ խոստովանող անձը լեցուած է զղջումի եւ ապաշխարութեան հոգիով, կ’անդրադառնայ իր մեղաւորութեան, խորապէս կը ցաւի իր գործած մեղքերուն համար եւ թողութիւն կը հայցէ:

«Զղջալ» կը նշանակէ ցաւիլ. մէկը կրնայ իր գործած մեղքին կամ սխալին համար ցաւիլ` առանց անոր համար ապաշխարելու: Ուստի, չի բաւեր զղջալ մեր գործած մեղքերուն համար. զղջումին պէտք է ընկերանայ սրտի ապաշխարութիւնը: Զղջում մը, որուն չ’ընկերանար ապաշխարութիւնը, մեզ մեղքերու թողութեան չ՛արժանացներ: Աստուածաշունչը կը խօսի այնպիսի անձերու մասին, որոնք զղջացին եւ խոստովանեցան իրենց մեղաւորութիւնը եւ, սակայն, ներում չստացան, քանի որ իրենց զղջումին եւ խոստովանութեան չընկերացաւ իրական ապաշխարութիւն եւ արցունք, դարձի գալու եւ նորոգուելու ջերմ փափաք: Այսպէս, օրինակ.-

Ադամ ու Եւա խոստովանեցան, թէ կերան արգիլեալ ծառին պտուղէն, բայց ներում չստացան, որովհետեւ չապաշխարեցին:

Փարաւոն Մովսէսի ներկայութեան խոստովանեցաւ, թէ մեղանչեց Աստուծոյ դէմ (Ելից 9.27), բայց ան եւս ներում չստացաւ, որովհետեւ անոր ալ զղջումին չընկերացաւ ապաշխարութիւնը:

Սաւուղ Սամուէլին դիմաց խոստովանեցաւ, թէ մեղք գործեց Տիրոջ եւ իր անձին հանդէպ անհնազանդ ըլլալուն համար (Ա. Թագաւորաց 15.24), բայց ներում չստացաւ, որովհետեւ իր խոստովանութեան չընկերացաւ ապաշխարութիւնը:

Յուդա Իսկարիոտացիին համար կ’ըսուի, որ «զղջաց» եւ խոստովանեցաւ, որ մեղք գործեց (Մատթէոս 27.3-4), բայց դարձեալ ներում չստացաւ, որովհետեւ անոր զղջումին չընկերացաւ ճշմարիտ ապաշխարութիւնը:

Այստեղ յիշենք, թէ որոշ հոսանքներ կ՛ուսուցանեն,  թէ մեղքերու խոստովանութիւնը անհաւատներուն համար է եւ ո՛չ թէ հաւատացեալներուն համար: Եւ, սակայն, Աստուածաշունչը ցոյց կու տայ, թէ մեղքերու խոստովանութիւնը հաւատացեալներուն համար է: Անոնք, որոնք կը հաւատան Քրիստոսի կամ կ՛ընդգրկեն Քրիստոսի հաւատքը, պէտք է խոստովանին իրենց գործած մեղքերը: Կը տեսնենք, թէ ինչպէ՛ս երբ Պօղոս առաքեալ կը քարոզէր Եփեսոսի մէջ, շատեր դարձի կու գային, եւ «հաւատացողներէն շատեր կու գային եւ կը խոստովանէին` իրենց գործած մեղքերը պատմելով» (Գործք 19.18): Համաձայն այս վկայութեան, Քրիստոսի հաւատքը ընդգրկողները իրե՛նք էին, որ իրենց գործած մեղքերը կը խոստովանէին: Աւետարաններուն մէջ կը կարդանք, թէ ինչպէս անոնք, որոնք կը հաւատային Յովհաննէս Մկրտիչի քարոզութեան, անոր կ’երթային եւ «իրենց մեղքերը խոստովանելով` կը մկրտուէին անկէ Յորդանան գետին մէջ» (Մարկոս 1.5: Մատթէոս 3.6):

Սիրելինե՛ր, եկեղեցւոյ հայրերը մեզ կը քաջալերեն, որ մեր մեղքերը սփռենք Քրիստոսի ոտքերուն առջեւ, որպէսզի ձերբազատինք անոնցմէ:

Յովհան Մանդակունին կ՛ըսէ. «Ճշմարիտ խոստովանութիւնը կը փրկէ ու կ՛արդարացնէ մեզ»:

Յովհաննէս Երզնկացին կ’ըսէ. «Խոստովանութիւնը բժշկութիւն է հոգիներուն համար, դժոխքէն փախչիլ է, սատանայէն ազատիլ է եւ մահէն յարութիւն առնել է»:

Յովհան Ոսկեբերանը կ՛ըսէ. «Հրապարակենք մեր մեղքերը, որպէսզի դատաստանի օրը մեր մեղքերը իրենք մեզ չհրապարակեն»:

Օգոստինոս կ՛ըսէ. «Եթէ յիշենք մեր մեղքերը Յիսուսի խաչին դիմաց, Աստուած զանոնք պիտի մոռնայ. իսկ եթէ մենք մոռնանք մեր մեղքերը, Աստուած զանոնք մեզի պիտի յիշեցնէ»:

Բարսեղ Մաշկեւորցին կը բացատրէ, թէ իր մեղքերը ծածկող մարդը կը նմանի անոր, որ կը ծածկէ իր հիւանդութիւնը: Ինչպէս եթէ մէկը ծածկէ իր հիւանդութիւնը, ատիկա զինք գերեզման կը հասցնէ, այնպէս ալ, ոեւէ մէկը, որ կը ծածկէ իր մեղքերը, յաւիտենական գերեզմանը կը հասնի:

Ինչպէս պահուած ճաշը կը գարշահոտի ու կ՛որդնոտի, նոյնպէս ալ մեր սիրտերուն մէջ պահուած եւ չխոստովանուած մեղքերը, մեզ կը դատապարտեն յաւիտենական գարշահոտութեան ու մեզ որդերու կերակուր կը դարձնեն: Հետեւաբար չպահենք եւ չսնուցանենք որեւէ մեղք մեր ներսիդին, այլ խոստովանութեամբ հեռացնենք զանոնք մեզմէ, որպէսզի կարենանք մօտենալ Տիրոջ եւ անոր ձեռքով սրբուիլ:








All the contents on this site are copyrighted ©.