2016-03-04 12:53:00

Ֆրանչիսկոս Պապի հանդիպումը խոստովանահայրերու դասընթացքի հետեւող կղերականներուն հետ


(Ռատիօ Վատիկան) Սուրբ Աթոռի Քրէակատարողական Ատեանը պատմականօրէն առաջինն է Սուրբ Աթոռի երեք Ատեաններէն. անոր գործունէութիւնը սկսած է 13րդ դարուն։ Ատեանի  իրաւասութիւնը կը տարածուի խնդիրներու ներքին կամ անհատական ոլորտին, ապաշխարութեան խորհուրդի հետ կապուած հարցերու, Ներողութիւններու եւ ներումներու շնորհման, որոշ մեղքերու արձակումին եւ զանազան տնօրինումներու վրայ։

Ուրբաթ Մարտ 4ի առաւօտեան, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Պապ հանդիպում ունեցաւ սոյն Ատեանի անդամներուն հետ։ Ան ողջունեց ներկաները, շնորհակալութիւն յայտնելով անոնց տարած աշխատանքին համար, եւ շեշտեց ապաշխարութեան խորհուրդի ուղղութեամբ տարուած կազմաւորման աշխատանքի անհրաժեշտութիւնը քահանայութեան պատրաստուող ժառանգաւորներու մօտ։ Յատկապէս Ներողութեան յոբելինական այս տարւոյն մէջ կʼանդրադառնանք այս խորհուրդի էական արժէքին, որովհետեւ Աստուած բոլոր մարդոց փրկութիւնը կʼուզէ, եւ որուն համար Իր Որդին արիւնը թափեց։

Աստուծոյ ողորմածութիւնը մատչելի է բոլոր անոնց, որոնք կը փափաքին այդ։ Աստուծոյ ներումը բոլորին համար է, միշտ բաց է մեղաւորին առաջ, ինչպէս Յոբելինական տարւոյն առիթով բացուած դռները։ Հայր Աստուած բաց դռներով կը սպասէ Իր բոլոր զաւակներուն, յատկապէս անոնց, որոնք ծանրապէս մեղանչած են եւ հեռացած են Իրմէ։ Ասոր համար Աստուած զանազան ձեւերով կը մօտենայ իւրաքանչիւր անձի։ Ան է, որ սրտերը ապաշխարութեան կʼառաջնորդէ։

Սրբազան Պապը յիշեցուց, որ Յիսուս, որ «աշխարհի վրայ իշխանութիւն ունի մեղքերը ներելու» (Ղուկ Ե. 24), այդ առաքելութիւնը փոխանցած է Եկեղեցւոյ (հմմտ. Յովհ Ի. 21-23)։ Հետեւաբար Ապաշխարութեան Խորհուրդը առանձնաշնորհեալ վայրն է՝ ապրելու Աստուծոյ ողորմածութիւնը։

Քահանան, որ հաւատացեալներու խոստովանանքը կը լսէ, Աստուծոյ ողորմածութեան գործիք մըն է։ Ան ինքնին մեղաւոր մըն է, որ նոյնպէս կարիքն ունի ներումի։ Աստուած զայն ընտրած է կատարելու այս կարեւոր պարտականութիւնը։ Ասոր համար խոստովանահայրը խոստովանողին կը մօտենայ Հօր Աստուծոյ սիրով, խոնարհութեամբ եւ վեհանձնութեամբ։ Խոստովանահայրերը Քրիստոսի հօտին պահապաններն են եւ ոչ թէ սեփականատէրը։

Մեղքերու արձակումը միշտ մեծ ուրախութեան առիթ է ոչ միայն հաւատացեալին համար, այլ մանաւանդ Աստուծոյ համար, ինչպէս Յիսուս կʼաւետարանէր, թէ «երկնքի մէջ լոկ մէկ մեղաւորի դարձին համար աւելի ուրախութիւն պիտի ըլլայ, քան իննիսուն ինը արդարներու համար, որոնք դարձի կարիքը չունին։» (Ղուկ ԺԵ. 7) Հետեւաբար խոստովանահայրը նաեւ ուրախութեան միջնորդ մըն է։

Վերջապէս Սրբազան Պապը նկատեց, որ ներկան եսակենդրոնութեամբ յատկանշուած է։ Հետեւաբար յատուկ պարգեւ մըն է ունենալ անհատներ, որոնք ողորմածութեամբ կը մօտենան մարդուն։

Ֆրանչիսկոս Քահանայապետ եզրափակեց իր խօսքերը կրկին շեշտելով Խոստովանանքի Խորհուրդի կենդրոնական դերին վրայ, յանձնելով մեղաւորները Աստուածածնի՝ Ողորմութեան մօր հովանիին։ 








All the contents on this site are copyrighted ©.