2016-03-04 08:00:00

ԱՄՆի Քարիթասի տարեկան դրամահաւաքը քառասնորդացի ընթացքին։


(Ռատիօ Վատիկան) Յառաջիկայ կիրակի` 6 Մարտին, սկիզբ պիտի առնէ ԱՄՆի Քարիթասի տարեկան դրամահաւաքը որուն`  երկրի բոլոր թեմերը կանչուած են իրենց մասնակցութիւնը բերելու, անդր ծովեայ երկիրներուն օգնութեան հասնելու նպատակով։

Երկրի բոլոր թեմերու հաւատացեալները կանչուած են իրենց դրամական սատարը տալու մարդկայնական բազմաթիւ ծրագիրներու իրականացումին համար, նոյնպէս օգնութեան հասնելու բոլոր այն ժողովուրդներուն որոնք թիրախ են հալածանքի­, աղքատութեան ու բնական պատուհասներու (աղէտներու)։

Քարիթասի նախագահ` գերապայծառ Թոմաս Ռոտիի գնահատումով, այդ դրամահաւաքը բարեպատեհ առիթ մըն է դրականօրէն բաժնեկցելու Քրիստոսի բուժիչ սէրը ու Աստուծոյ փրկարար ողորմութիւնը, յոբելենական այս տարւոյն ընթացքին տառապող` մեր եղբայրներուն ու քոյրերուն հետ։








All the contents on this site are copyrighted ©.