2016-03-03 12:12:00

Ֆրանչիսկոս Պապ ''Մենք մեզ ճանչնանք որպէս մեղաւոր ընկալելու համար Աստուծոյ ողորմութիւնը''


(Ռատիօ Վատիկան) ''Միայն եթէ սիրտը բաց է կարող է ընկալել Աստուծոյ ողորմութիւնը'' այս եղաւ Ֆրանչիսկոս Պապին Տոմուս Սանթա Մարթայի մատրան մէջ մատուցած սուրբ զոհի ընթացքին արտասանած քարոզին առանցքը։

Նորին Սրբութիւն ակնարկելով օրուան սուրբ գրային ընթերցումներուն որոնք կ՛անդրադառան Աստուծոյ Ժողովուրդին ''անհաւատարմութեան'', հաստատեց թէ Աստուած միշտ հաւատարիմ է, մինչ ժողովուրդը յաճախ մտիկ չ՛ընէր Անոր խօսքերուն եւ թէ այս մէկը կը տանի անհաւատարմութեան որ սրտերը կը կարծրացնէ ու զանոնք կը փակէ ու թոյլ չի տար որ Տիրոջ խօսքը մուտք գործէ այնտեղ։

''Տէրը մեզի կ՛առաջարկէ միշտ իրեն վերադառնալ, որովհետեւ Ան ողորմած ու գթած է'' ըսաւ Քահանայապետը դիտել տալով թէ Աստուծոյ ողորմութիւնը կը հասկցուի այնքանով որ մենք մեր սրտերը բաց կը պահենք անոր առջեւ։

Ակնարկելով հուսկ Աւետարանի ''օրէնքի վարդապետներուն'' Նորին Սրբութիւնը ըսաւ թէ անոնք փակ վերաբերմունք մը ունէին ու կը ջանային միշտ բացատրութիւն մը գտնել չհասկանալու համար Յիսուսի պատգամը, Անորմէ խնդրելով Երկնքէն նշան մը...անոնք մոռցած էին ''ներում'' բառի իմաստը ''Տէր ներէ ինծի'', պարզապէս որովհետեւ իրենք զիրենք մեղաւոր չէին նկատեր այլ` ուրիշներու դատաւոր։

Եթէ դուն`  քու բաց սրտովդ, հաւատարիմ ես այն Աստուծոյն որ միշտ հաւատարիմ է քեզի դուն Անոր հետն ես ապա թէ ոչ Անոր հակառակ ես։ Յիսուս արդարեւ կ՛ըսէ ''Ով որ իմ հետս չէ ինծի հակառակ է'' ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը հաստատելով թէ անհաւատարմութեան  կացութենէն ելքը կը գտնուի ապաշխարութեան մէջ, մեղքերը խոստովանելով ու ճանչնալով մեր մեղաւորի հանգամանքը, այն ժամանակ մեր սիրտը կը բացուի եւ Աստուծոյ ողորմութիւնը մուտք կը գործէ ու մենք կը սկսինք հաւատարիմ ըլլալ Տիրոջ։

Հայցենք հաւատարմութեան շնորհքը ըսաւ ապա Սրբազան Հայրը քարոզի աւարտին։ ''Հայցենք շնորհքը ունենալու Աստուծոյ ողորմութեան հանդէպ բաց սիրտը մը, իսկ եթէ անհաւատարմութեան մէջ գտնուինք հայցենք ներում ու ներումի շնորհքը'', եզրափակեց Ան։








All the contents on this site are copyrighted ©.