2016-03-03 11:48:00

Մարոնի Եպիսկոպոսներու Խորհուրդը վտանգաւոր կը նկատէ երկրին մէջ տիրող լարուածութիւնը։


Մարոնի եպիսկոպոսներու խորհուրդը երէկ (2 մարտ 2016) Պքերքէի մէջ գումարեց իր ընթացիկ նիստը` նախագահութեամբ մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքին:

Նիստին ընթացքին խորհուրդը քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները եւ այդ քննարկումներուն լոյսին տակ հրապարակեց պաշտօնական հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ մտահոգութիւն յայտնուեցաւ Լիբանանի մէջ տիրող իրավիճակին մասին, ինչպէս նաեւ վտանգաւոր նկատուեցաւ երկրին մէջ տիրող լարուածութիւնը, յատկապէս շրջանին մէջ արձանագրուող յարանուանական տագնապին զուգահեռ:

Խորհուրդը հաստատեց, որ կառավարութիւնը երկրին տարրական հարցերն իսկ անկարող է լուծելու` աւելցնելով, որ լիբանանեան պետութիւնը կարիքը ունի հանրապետութեան նախագահի, այլապէս անոր պետական հաստատութիւնները պիտի քանդուին եւ երկիրը ենթակայ ըլլայ անիշխանութեան:

Մարոնի եպիսկոպոսներու խորհուրդը կոչ ուղղեց ընտրելու նախագահ մը, որ լիբանանցիներուն ձգտումները լրացնէ եւ երկրին կարիքները հոգայ, դառնայ լիբանանեան ազգային միասնականութեան խորհրդանիշը, ինչպէս նաեւ պահպանէ Լիբանանի անկախութիւնը:

Խորհուրդը ընդգծեց իր յանձնառութիւնը, որ բանակն ու ապահովութեան ուժերը քաղաքական տարակարծութիւններէն ու տագնապներէն հեռու պահուին, որպէսզի անոնք կարենան պահպանել երկրին ապահովական կայունութիւնն ու քաղաքացիական անվտանգութիւնը:








All the contents on this site are copyrighted ©.