2016-03-03 12:29:00

Հաղորդագրութիւն Ֆրանչիսկոս Պապին Թիմոր Էսթի Վարչապետին շնորհած ունկնդրութեան մասին։


(Ռատիօ Վատիկան) Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակը հրատարակեց հաղորդագրութիւն մը որուն մէջ նշեց թէ այսօր` 03 մարտ 2016-ի առաւօտեան, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, առաքելական պալատին մէջ ունկնդրութիւն շնորհեց Թիմոր Էսթի  վարչապետ  Տիար Ռույ Մարիա Արաույօ-ի, որ ապա հանդիպում ունեցաւ Սուրբ Աթոռի Պետական Քարտուղար` Կարդինալ Փիէթրօ Փարոլինին  հետ, որուն կ՛ընկերանար Պետութիւններու հետ յարաբերութիւններու ենթա -քարտուղար գերապայծառ  Անթուան Քամիլլերի։

Սիրալիր խօսակցութիւններու ընթացքին, արծարծուեցան  Սուրբ Աթոռի եւ Թիմոր Էսթի հանրապետութեան միջեւ տիրող լաւ յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ եկեղեցւոյ տուած պատմական սատարը` Երկրի տարբեր ոլորտներուն, ինչպէս դաստիարակութեան, առողջապահութեան ու աղքատութեան դէմ պայքարին։

Սուրբ Աթոռի Պետքարտուղարի հետ տեղի ունեցած հանդիպումի  աւարտին Վատիկանեան առաքելական պալատի ''դաշինքներու'' սրահին մէջ, տեղի ունեցաւ Սուրբ Աթոռի եւ Թիմոր Էսթի ժողովրդավարական հանրապետութեան միջեւ` 14 օգոստոս 2015-ին ստորագրուած համաձայնագիրի վաւերացումը։  Համաձայնագիրը կազմուած է 26 յօդուածներէ որուն մէջ կը ճանչնցուի Եկեղեցւոյ ու անոր կառոյցներուն ''իրաւաբանական օրինականութիւնը'', անոնց ապահովելով ազատութիւն իրենց առաքելութիւնը կատարելու ի սպաս Թիմոր Էսթի բնակչութեան։








All the contents on this site are copyrighted ©.