2016-03-03 11:37:00

Թուրքիոյ մէջ շարք մը լրատուամիջոցներ փակուած են։


Թրքական «Հիւրրիյէթ» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ մէջ դատարանի որոշումով փակուած են «Քանալթիւրք» եւ «Պուկիւն Թի.Վի.» պատկերասփիւռի կայանները, «Միլլեթ կազեթեսի» օրաթերթն ու «Քանալթիւրք Ռատիօ» ձայնասփիւռի կայանը:

Կը նշուի, որ լրատուամիջոցները փակուած են «Քոզա Իփեք» ընկերութեան գլխաւոր գրասենեակին եւ անոր 23 ընկերութիւններուն դէմ բացուած քրէական գործին ծիրին մէջ: Անոնք, թրքական իշխանութիւններուն պնդումով` կը մեղադրուին Ֆեթհուլլա Կիւլենի շարժումի ֆինանսաւորման մէջ:

Անցեալ տարի ոստիկանութիւնը խուզարկութիւններ կատարած էր «Քոզա Իփեք» ընկերութեան գլխաւոր գրասենեակին եւ անոր 23 դուստր ընկերութիւններուն մէջ:

Միւս կողմէ, թրքական «Տողան» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ Պոլսոյ ոստիկանութեան ահաբեկչութեան դէմ պայքարի բաժանմունքը 11 փետրուարին իշխանամէտ «Ենի Շաֆաք» եւ «Ենի Աքիթ» օրաթերթերուն գրասենեակներուն դէմ կատարուած յարձակումներու հարցով ձերբակալեց 11 կասկածեալներ, որոնք առնչուած են ՔԱԿ-ի թեւերէն Ազատութեան միացեալ ուժերուն:








All the contents on this site are copyrighted ©.