2016-03-03 11:43:00

Արեւելքի քրիստոնեաները կամուրջ մըն են իսլամ աշխարհի ու արեւմուտքի միջեւ։


(Ռատիօ Վատիկան) Միջին Արեւելքի արաբ քրիստոնեաները միշտ եղած են մշակութային ու հոգեւոր կամուրջ մը Արեւելքի ու իսլամ արաբներու միջեւ։ ''Հետեւաբար ճիշտ չէ հաստատել որ իսլամ արաբները Եւրոպայի վերազարթօնքի դրդապատճառ եղած են'' հաստատած է  Յիսուսեան փրոֆեսոր հայր Խալիլ դասախօսը եւ հմուտ իսլամ կրօնքին։ Յոյն-լատին մշակոյթը ու բնագիրները թարգմանուեցան ու ծաւալեցան քրիստոնեայ ասորի կրօնաւորներու շնորհիւ ըսած է Հայր Խալիլ դիտել տալով թէ շնորհիւ քրիստոնեաներուն` իսլամ աշխարհի մէջ տեղի ունեցան մեծ յեղաշրջումներ ու բարեփոխութիւնները։








All the contents on this site are copyrighted ©.