2016-03-02 11:38:00

Ֆրանչիսկոս Պապին 2 Մարտի հրապարակային ունկնդրութիւնը։


(Ռատիօ Վատիկան) Չորեքշաբթի 2 Մարտ 2016-ի առաւօտեան. Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը հրապարակային ունկնդրութիւն շնորհեց Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ համախմբուած տասնեակ հազարաւոր ուխտաւորներուն ու անոնց արտասանած իր ճառին մէջ  շարունակելով խօսիլ Աստուածային ողորմութեան մասին անդրադարձաւ Աստուծոյ հօրենական հոգատարութեան մասին հանդէպ` իր ժողովուրդին։

Սիրելի եղբայրներ եւ քոյրեր բարի լոյս, ըսաւ Քահանայապետը, խօսելով Աստուածային ողորմութեան մասին յաճախ անդրադարձանք ընտանիքի հօր դիմագիծի մասին, որ կը սիրէ իր զաւակները, կ՛օգնէ ու կը հոգայ անոնց եւ կը ներէ. Ապա որպէս Հայր` զանոնք կը դաստիարակէ ու կը սրբագրէ անոնց սխալները, բարիին մէջ աճեցնելով զանոնք։ Այսպէս է որ կը ներկայացուի Աստուած Եսայի մարգարէի գիրքի առաջին գլուխին մէջ, ուր Տէրը որպէս խնամակալ Հայր ու միանգամայն ուշադիր եւ պահանջկոտ, Իսրայէլի ժողովուրդը կը յանդիմանէ անհաւատարմութեան եւ կաշառակերութեան ի տես, հրաւիրելով զայն վերադառնալou արդարութեան ճանապարհի վրայ։

Աստուած, Մարգարէիn միջոցաւ կը խօսի ժողովուրդին յուսախաբ հօր մը դառնութեամբ, սակայն հակառակ վիրաւորանքին Աստուած թոյլ կու տայ որ սէրը գործէ ու իր զաւակներուն խիղճերուն կոչ կ՛ընէ ապաշխարութեան։

Հայր - Որդի յարաբերութիւնը, որուն շատ անգամ կ՛ակնարկեն մարգարէները, անբնական դարձաւ մեղքի պատճառաւ, ու ազատութիւնը դարձաւ ինքնավարութեան ձգտում, հպարտութեան` ու հպարտութիւնը կ՛առաջնորդէ ընդդիմութեան եւ ինքնաբաւութեան պատրանքի։

Ահա թէ Աստուած իր ժողովուրդը կը յանդիմանէ ''սխալ ճամբայ առիք'' ու հակառակ ասոր Ան կը շարունակէ զանոնք կոչել իմ ժողովուրդս ու այդ ժողովուրդի ամէնէ չար անհատը կը մնայ իր զաւակը որովհետեւ Աստուած  մեզմէ եւ ոչ մէկը կ՛ուրանայ։

Ան միշտ կ՛ըսէ ''զաւակս եկուր''։ Ահա այս է մեր Հօր Սէրը, այս է Աստուծոյ ողորմութիւնը։ Հայր մը որ կը ներշնչէ յոյս ու վստահութիւն։

Մեղքին հետեւանքը տառապանքն է եւ այնտեղ ուր Աստուծոյ մերժումը կայ կեանքը անտանելի կը դառնայ։ Սակայն նոյնիսկ այս ցաւալի պահուն փրկութիւնը հորիզոնին վրայ է։ Տառապանքը առիթ մըն է մեղաւորին որ խորհրդածէ ու բացուի ապաշխարութեան ու ներումի։ Ահա այս է աստուածային ողորմութեան ընթացքը։ Աստուած մեզի հետ չի վարուիր մեր սխալներու համաձայն։ Պատիժը կը դառնայ միջոց խորհրդածութեան ու կը հասկցուի թէ Աստուած կը ներէ իր ժողովուրդին սխալները միշտ բաց պահելով յոյսի դռները։

Փրկութիւնը սակայն կը նեռարէ որոշումը` ունկնդրելու ու դարձի գալու, ու այդ մէկը միշտ ձրի պարգեւ մըն է։ ''Տէրը իր անսահման ողորմութեամբ մեզի ցոյց կու տայ արդարութեան ճանապարհը որ է զղջումի ճանապարհ'' ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը քննադատելով ապա այն բարերարներուն նուէրներն ու բարերարութիւնները որոնց դրամը պտուղ է բազմաթիւ մարդոց չարաշահումի, ստրկացումի...եւ ըսաւ ''Այս մարդոց կ՛ըսեմ ձեր այս դրամը ձեզի պահեցէք ու այրեցէք։ Աստուծոյ ժողովուրդը` այսինքն եկեղեցին պէտք չունի այդ կեղտոտ դրամին, այլ պէտք ունի Աստուծոյ ողորմութեան նկատմամբ բաց սրտերու''։ Ասոր համար հարկաւոր է Աստուծոյ մօտենալ բիւրեղացած ձեռքերով, խուսափելով չարէն ու գործելով բարին եւ արդարութիւնը ըսաւ Քահանայապետը ու խօսքը եզրափակեց հաստատելով թէ Աստուծոյ ողորմութիւնը վերապահուած է ու նուիրուած է բոլորին ու մենք բոլորս կանչուած ենք ապրելու որպէս Աստուծոյ զաւակներ։

Խորհրդածութեան աւարտին Սրբազան Քահանայապետը զանազան լեզուներով ողջունեց հրապարակը համախմբուած հաւատացեալները ապա յատուկէն ողջոյնի խօսք ուղղեց երիտասարդներուն, հիւանդներուն եւ նորապսակներուն, հուսկ դիտել տալով թէ յառաջիկայ ուրբաթ օր` ամսուայ առաջին ուրբաթն է, նուիրուած Յիսուս Սուրբ Սրտին, երիտասարդները հրաւիրեց այդ օրը ապրելու յատուկ հոգեւոր ջերմեռանդութեամբ,  հիւանդներուն յորդորեց Քրիստոսի Խաչին նայիլ որպէս տառապանքի սփոփում եւ նորապսակները հրաւիրեց իրենց ընտանեկան կեանքին մէջ խուսափելու չարէն ու յարելու առաքինութիւններուն։








All the contents on this site are copyrighted ©.