2016-03-02 10:53:00

Ֆրանչիսկոս Պապի 2016 տարուան մարտ ապրիլ ամիսներու գլխաւորած արարողութիւններուն յայտագիրը


(Ռատիօ Վատիկան) Լոյս տեսաւ Ֆրանչիսկոս Պապի 2016 տարուայ մարտ ապրիլ ամիսներուն նախագահած արարողութիւններուն յայտագիրը որոնք սկիզբ կ՛առնեն Ուրբաթ, 4 մարտ 2016-ի, յետմիջօրէին ժամը 5-00ին, Սուրբ Պետրոսի մայր տաճարին մէջ ''24 ժամ Տիրոջ համար'' ձեռնարկի ծիրէն ներս Ֆրանչիսկոս Պապի գլխաւորած ապաշխարութեան խորհուրդը մատակարարութեամբ

Կիրակի, 6 մարտ 2016-ին, Քառասնորդաց Դ կիրակի,  Հռոմի արուարձաններուն մէջ գտնուող Արիչչիա գիւղաքաղաքին մէջ,  սկիզբ կ՝առնէ ՝՝Հռոմի Քուրիաի՝՝ քառասնորդացի հոգեւոր կրթութիւնը Ֆրանչիսկոս պապին ու Վատիկանի Վերին իշխանութեան անդամներու մասնակցութեամբ։ Հոգեւոր կրթութիւնը վերջ կը գտնէ։

11 մարտ 2016-ին։ Այս շաբթուայ ընթացքին ընդհատուած կը համարուին Ֆրանչիսկոս պապին բոլոր հրապարակային գործունէութիւնները ներառեալ չորեքշաբթի օրուայ հրապարակային ունկնդրութիւնը։

15 մարտ 2016-ի, առաւօտեան ժամը 10։00-ին, Վատիկանի Քոնչիսթորօ անուան դահլիճին մէջ Ֆրանչիսկոս Պապ կը նախագահէ կարդինալական վեհաժողովը որուն ընթացքին կը քննարկուին կարգ մը Սուրբերու սրբադասման  դատը։ 

Կիրակի 20 մարտ  2016-ին,  Տօն է Ծաղկազարդի,  Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը առաւօտեան ժամը 9.00ին, Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ, կը հանդիսապետէ արմաւենիի ու ձիթենիի ճիւղերուն օրհնութեան արարողութեան ապա թափօրով կ՛ուղղուի Սուրբ Պետրոսի պազիլիքայի մուտքին զետեղուած խորան ուր կը նախագահէ Յիսուսի չարչարանաց Սուրբ Պատարագի զոհը։ 

Հինգշաբթի, 24 մարտին՝ Աւագ հինգշաբթի է, առաւօտեան ժամը 9։30-ին, Ֆրանչիսկոս Պապ  Սուրբ Պետրոս Տաճարին մէջ կը գլխաւորէ Սուրբ Պատարագի արարողութիւնը ապա կը կատարէ Սուրբ Իւղերու օրհնութիւնը։

Ուրբաթ, 25 մարտին,  Աւագ Ուրբաթ օրուայ առթիւ, որ  նուիրուած է  Աստուածային Վարդապետի չարչարանքներու յիշատակին,  յետ միջօրէի ժամը 5.00ին, Սրբազան Քահանայապետը, Սուրբ Պետրոս Տաճարին մէջ կը գլխաւորէ Տիրոջ Չարչարանաց արարողութիւնը, խաչի պաշտամունքն ու հաղորդութեան ծիսակատարութիւնը։  Իսկ երեկոյեան ժամը 9.15ին, Հռոմի ''Քոլլոսէում''ի աշխարհածանօթ ամփիթատրոնի տարածքին, Սրբազան Հայրը կը գլխաւորէ Ճանապարհ Խաչի բարեպաշտական աղօթքի արարողութիւնը ,որուն աւարտին իր առաքելական օրհնութիւնը կը շնորհէ, ճանապարհ խաչի արարողութեան մասնակցող  բոլոր հաւատացեալներուն։  

26 մարտ 2016-ին, Աւագ Շաբաթ է.  Երեկոյեան ժամը 8,30ին, Սուրբ Պետրոս տաճարին մէջ, նախատեսուած է  Սուրբ Գիշերուայ Զատկական հսկումը, Ֆրանչիսկոս Քահանայապետի գլխաւորութեամբ  իսկ Կիրակի 27 մարտ 2016-ին, տօն է  մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի հրաշաբար Յարութեան ։ Առաւօտեան ժամը 10.00ին Ֆրանչիսկոս Պապը,   Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ կը գլխաւորէ սուրբ պատարագի արարողութիւնը, որուն աւարտին  Սուրբ Պետրոսի կեդրոնական պատշգամէն  համայն աշխարհին կ՛ ուղղէ ''Urbi et Orbi – Հռոմ քաղաքին ու համայն աշխարհին'' աւանդական առաքելական պատգամն ու օրհնութիւնը։ 

ֆրանչիսկոս  Քահանայապետին ապրիլ ամսուան ընթացքին նախագահած ծիսական արարողութիւններու շարքը սկիզբ կ՛առնեն Շաբաթ, 2 ապրիլի, երեկոյեան ժամը 6.00ին, Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ,  Ողորմութեան Յոբելինական Սուրբ Տարուայ ծիրէն ներս ''Աստուածային Ողորմութեան հոգեկանութիւնը'' ապրող անհատներու ու հաստատութիւններու աղօթքի հսկումով հուսկ կիրակի 3 ապրիլին, Զատկուայ Բ կիրակին, առաւօտեան ժամը 10.30ին,   վերոնշեալ անհատներն ու հաստատութիւնները կը նշեն իրենց Ողորմութեան յոբելինական Սուրբ տարին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ նախագահած սուրբ պատարագով. 








All the contents on this site are copyrighted ©.