2016-03-02 12:03:00

Ֆրանչիսկոս Պապ օրհնեց Պենետիկտեան ջահի երթի մասնակիցները


(Ռատիօ Վատիկան) Պենետիկտեան միաբանութեան կողմէ կազմակերպուած  2016 տարուան Պենետիկտեան ջահի երթի արարողութիւնը սկիզբ առաւ շաբաթ, 27 փետրուարին, Իտալիոյ Նորչիա քաղաքին մէջ գտնուող  Սուրբ Պենետիկոտի անուան տաճարին մէջ,  աւանդական Սուրբ ժամերգութեան արարողութեամբ,  որուն ներկայ գտնուած են քաղաքական եւ եկեղեցական  անձնաւորութիւններ ու անթիւ հաւատացեալներ։

Պենետիկտեան ջահի այս տարուան երթի նշանաբանն է ՝՝ Եւրոպայի խաղաղութեան եւ միութեան ի սպաս՝՝  որուն հանգրուան կը կատարէ նաեւ Ամսթերտամ ։

Նշենք,  թէ չորեքշաբթի, 2 մարտին,  Սուրբ Պետրոսի հրապարակի վրայ կատարած հրապարակային ընդհանուր ունկնդրութեան ընթացքին Ֆրանչիկսոս Սրբազան Քահանայապետը  ընդունելով Պենետիկտեան  ջահի երթին մասնակիցները, օրհնեց անոնց՝ տալով իր  առաքելական յատուկ օրհնութիւնները։ 








All the contents on this site are copyrighted ©.