2016-03-02 09:53:00

Մեքսիքոյի եպիսկոպոսներու երախտագիտութիւնը Ֆրանչիսկոս Պապի տուած վկայութեան համար։


(Ռատիօ Վատիկան) Մեքսիքոյի եպիսկոպոսները իրենց երախտագիտութիւնը յայտնելով ֆրանչիսկոս Պապի Մեքսիքօ կատարած այցելութեան համար կոչ ուղղած են հաւատացեալներուն ու բարի կամք ունեցող մարդոց խորհրդածելու ու գործադրելու Պապին պատգամները։

Եպիսկոպոսները իրենց յղած նամակով շնորհակալութիւն  յայտնած են Սրբազան Հօր կատարած այցելութեան որպէս առաքեալը` աստուածային ողորմութեան որ շօշափելի դարձուց Հօր Աստուծոյ մարդոց հանդէպ տածած կարեկցութիւնը։

Մեքսիքոյի եկեղեցին  շնորհակալութեան խօսք մը ուղղած է նաեւ երկրի հանրապետութեան նախագահին, քաղաքապետներուն ու աւելի քան 10,5 միլիոն անհատներուն որոնք մօտէն հետեւեցան Սրբազան Քահանայապետին զանազան արարողութիւններուն։

Հուսկ եպիսկոպոսները իրենց երախտագիտութիւնը յայտնած են ընկերային հաղորդակցութեանց բոլոր մարմիններուն որոնց շնորհիւ բազմաթիւ մարդիկ կարողացան ապրիլ ֆրանչիսկոս Պապի Մեքսիքօ կատարած առաքելական այցելութիւնը։








All the contents on this site are copyrighted ©.