2016-03-02 10:42:00

Հայ եկեղեցին եւ հայ երիտասարդը դէմ առ դէմ։


Կար ու չկար

Բոլորս ալ մեր մանկութեան տարիներուն, հեքիաթներէն շատ աւելի սիրած ենք անոնց սկզբնաւորութեան գրուած «կար ու չկար»ը: Այս նախամուտքը կամ նախաբանը թէ՛ աւելի հետաքրքրական կը դարձնէ հեքիաթը եւ թէ կախարդական մագնիսացումով ունկնդիրը կը կապէ անոր երեւակայական անծայրածիր նիւթին:

Եթէ չէք յիշեր ձեր մեծերու ծունկերուն առջեւ նստած հեքիաթ մտիկ ընելու պահերը ձեր մանկութեան օրերէն, գէթ այսօր կրնաք հետեւիլ քնանալու համար անկողին մտած երեխաներու կիսախուփ աչքերով իրենց ծնողներէն հեքիաթ պահանջելու սպասումին: Անոնցմէ շատեր միայն այդ հեքիաթներուն թեւերով քուն կը մտնեն: Ուշիմ երեխաները նոյնիսկ իրենց քնաթաթախ վիճակին մէջ կ՛իմանան, թէ տուեալ հեքիաթը նախապէս պատմուա՞ծ էր իրենց, թէ նորութիւն է ամբողջութեամբ: Կը պատահի, որ ոմանք նոյն հեքիաթէն հաճոյք կ՛առնեն, պահանջելով որ ամէն գիշեր նո՛յնը պատմուի իրենց: Երբեմն ալ անոնք նո՛րը կը պահանջեն, իսկ ծնողներ անճար՝ հեքիաթներու գիրքեր կը փնտռեն, գոհացնելու համար իրենց երեխաներուն հեքիաթ լսելու անյագ ծարաւը: Անձամբ լսած եմ երեխայի մը՝ «ինծի պատմէ, պատմէ ինծի» ըսելով, ցաւագին աղերսը անկողինին մէջ, քնանալէ առաջ, դեռ նախադասութիւն կազմելու դժուարութեան դիմաց կանգնած:

Հեքիաթները միշտ իրական անձեր ունեցած են իբրեւ հերոսներ կամ տիպարներ, սակայն հետագային անոնք հեքիաթներու արծաթափայլ շրջազգեստները առնելով իրենց ուսերուն, երեւակայութեան անմատչելի լեռները բարձրացած են հրեղէն նժոյգներով ու ժամանակի ընթացքին՝ հեքիաթային անձերու վերածուած…

Հեքիաթները սիրելու մանկական մեր ձգտումն ու անոր հետեւող ապրումները մեր ամբողջ կեանքին ընթացքին կ՛ընկերանան մեզի: Իրենց ապագային մասին երազող եւ այդ երազներով ապրող մարդոց չե՞նք հանդիպիր ամէն օր: Անոնցմէ քանի՞ն կը յաջողի իրականացնել իր բոլոր երազանքները: Սակայն, բոլորս ալ կ՛երազենք, կը փայփայենք մեր երազները, նոյնիսկ եթէ անոնք անկարելի կամ անիրականանալի թուին մեզմէ շատերուն:

Յիսուն տարի իրարու հետ սիրով ու համերաշխութեամբ ապրած զոյգի մը կինը երբ մահացաւ, ամուսինը շշմած նստած էր անոր անշունչ դիակին մօտ եւ իր սուգը բաժնեցկելու եկողներուն կ՛ըսէր. «Երազի վերածուեցաւ, հեքիաթ դարձաւ…»: Կարծէք ան կ՛ուզէր, որ կնոջ մահէն ետք իրենց կապը այդ ձեւով շարունակուէր, երազի ու հեքիաթի միջոցով դարձեալ միասին ըլլային յաւերժութեան օթեւաններուն մէջ ու կեանքին նայէին վերէն, բարձրէն, անմատչելի բարձունքներէն…

Հանգուցեալին հարազատներն ու  ծանօթները այլեւս անոր մասին կը խօսին, հեքիաթներու «կար ու չկար» նախաբանով: Մարդը մահանալէն ետք անոր հանդէպ սնուցուած այս հեքիաթային հաւատքը բնականօրէն մտածել կու տայ անմահութեան գաղափարին մասին, որ քրիստոնէական դարաշրջանին նուիրագործուեցաւ Քրիստոսի Ս. Յարութեամբ եւ անմահական կեանքով, զոր Ան խոստացաւ տալ բոլոր իրեն հաւատացողներուն:

Հեքիաթներու այս նախաբանը՝ «կար ու չկար», բոլորիս՝  ինծի ու քեզի համար ալ պիտի ըսեն օր մը, մեզ ճանչցողներ:

Կասկած չկայ, որ հեքիաթներու պարագային ալ նախասիրութիւններ ունին ընթերցողներ, ըլլան անոնք փոքր տարիքի կամ ըլլան հասուն: Ուրեմն այնպէս պէտք է ապրիլ կեանքը, որ անիկա հեքիաթի վերածուելէ ետք ալ ընթերցողին հաճոյք պատճառէ:

Երանի՜ անոր, որուն կեանքի հեքիաթը հետաքրքրութեամբ պիտի կարդացուի։ Եթէ կեանքի հեքիաթները գրելու համար նո՛յն գրիչը, նո՛յն թանաքն ու միեւնո՛յն կաղամարը կ՛օգտագործենք, ուրեմն կան գրութեան ոճի մէջ տարբերութիւններ, որոնք այդ հեքիաթներէն մէկը կամ միւսը կը դարձնեն աւելի հետաքրքրական ու փնտռուած: Ահաւասիկ այս է, զոր կրնանք կոչել կեանքը ապրելու շնորհք, որ աւելի կ՛արժէ, քան այն բոլոր շնորհքները, որոնք իբրեւ ձիրք կը գործածենք մեր ինքնութիւնը կամ մեր հոգիէն բխող արուեստները իրագործելու համար այս կեանքին մէջ:

Կեանքը ապրելու շնորհքը պիտի հանդիսանայ ապագային մեր կեանքի հեքիաթին հիմնական նիւթը, որուն շուրջ կը կառուցուին մնացեալ դէպքերը: Ահա այս առումով, «կար ու չկար»ը որեւէ հեքիաթի սկզբնաւորութեան տեսնելը երբեք երաշխիք չէ անոր շարունակութեան վրայ գտնուող նիւթին հետաքրքրական ըլլալուն: Պէտք է ոճը նիւթին չափ հետաքրքրական ըլլայ, հաճելի կեանքը մահէն ետք ալ հաճելի հեքիաթ ըլլալու համար:








All the contents on this site are copyrighted ©.