2016-03-02 10:30:00

Գերյագելի Նաամոեան ''Բոլոր կարողութիւններս կը տրամադրեմ, պաշտօնիս ծառայութեան'' ։


(Ռատիօ Վատիկան) Երեքշաբթի 1 մարտ 2016-ի երեկոյեան ժամը 7-ին, Հռոմի Լեւոնեան հայ վարժարանի Թոլենթինացի Սուրբ Նիկողայոս հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ վարժարանի նորընտիր մեծաւոր` հայր Նարեկ Նաամոեանի գերյարգելիական գաւազանի ու մատանիի տուչութեան արարողութիւնը, նախագահութեամբ Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Գրիգոր Պետրոս Ի.­ Կաթողիկոս Պատրիարքին եւ մասնակցութեամբ հայ կաթողիկէ նուիրապետութեան սիւնհոդոսական հայրերուն, վարժարանիս կղերաց եւ ժառանգաւորաց դասին, ինչպէս նաեւ հաւատացեալներու հոծ բազմութեան մը։

Աւանդական երեկոյեան ժամերգութենէն ետք, Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը կոկիկ արարողութեան մը ընթացքին, Հայր Նարեկ Նաամոեանին շնորհեց գերյարգելիի տիտղոսը, անոր յանձնելով գերյարգելիական գաւազանն ու մատանին։

Ապա, Լիբանանի թեմի օգնական եպիսկոպոս՝ արհի. Տէր Գէորգ եպիսկ. Ասատուրեան ընթերցելով Ամենապատիւ Հոգեւոր Տիրոջ Հայրապետական Կոնդակը ըսաւ.-''… ապաւինելով նախ Աստուծոյ շնորհքին եւ ապա վստահելով քու բարի կամքիդ ու առաքելական եռանդիդ, յոյսով ենք որ դուն պիտի համապատասխանես քու վրադ դրած մեր ակնկալութիւններուն եւ հանգամանօրէն ու արդիւնաւոր կերպով պիտի վարես քեզի վստահուած այս պաշտօնը… Ի նշան Մեր հայրական գնահատանքին ու վստահութեան, այս Հայրապետական Կոնդակով կը շնորհենք Ծայրագոյն Վարդապետի տիտղոս եւ միանգամայն իրաւունք` Լանջախաչ ու Վարդապետական Գաւազան կրելու''։

Իր կարգին գերյարգելի հայր Նարեկ վրդ. Նաամոեան շնորհակալական խօսք մը ուղղելով Հոգեւոր Տիրոջ ըսաւ .- “Այսօր եւս խոնարհութեամբ կը տրամադրեմ իմ բոլոր մտային եւ հոգեկան կարողութիւններս, ի սպաս այս պաշտօնի ծառայութեան ի փառս Աստուծոյ եւ ի պայծառութիւն հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ։”

Գերյարգելի վարդապետը ապա մէջբերերց երջնակայիշատակ Կարդինալ աղաճանեանի խօսքերը ու զանոնք որդեգրելով ըսաւ ''Աշխատանքը ինծի, փառքը Աստուածոյ եւ պայծառութիւնը Հայ Եկեղեցւոյ'' 

Արարողութենէն ետք, Հոգեւոր Տէրը, սիւնհոդոսական հայրերն ու գերյարգելի Նաամոեանը շնորհաւորութիւնները ընդունեցան վարժարանին դահլիճին մէջ ուր տեղի ունեցաւ կոկիկ հիւրասիրութիւն մը։








All the contents on this site are copyrighted ©.