2016-03-01 09:42:00

ՄԱԿ կը գնահատէ ցեղասպանութիւններու կանխարգիլման վերաբերող Հայաստանի ջանքերը


Աշխատանքային այցելութեամբ Ժընեւ գտնուող Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան 29 փետրուարին հանդիպում ունեցած է ՄԱԿ-ի մարդու իրաւունքներու գերագոյն յանձնակատար Զէիտ Ռաատ Հիւսէյնի հետ: Հիւսէյն բարձր գնահատած է Հայաստանի նախաձեռնողական, հետեւողական ջանքերը նոր ցեղասպանութիւններու կանխարգիլման ուղղութեամբ` ընդգծելով, որ այսօր միջազգային հանրութիւնը աւելի վճռական է կանխարգիլելու մարդկութեան դէմ յանցագործութիւնները:

Այս ծիրին մէջ նախարար Նալբանդեան շեշտած է. «Իբրեւ 20-րդ դարու առաջին ցեղասպանութենէն վերապրած ժողովուրդ` մենք պարտաւորուած կը զգանք քայլերու ձեռնարկելու մարդկութեան դէմ նոր յանցագործութիւնները բացառելու գործին մէջ միջազգային հանրութեան ջանքերու միաւորման ուղղութեամբ»:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուած են Մերձաւոր Արեւելքի մէջ տիրող իրավիճակին իբրեւ հետեւանք մարդու իրաւունքներուն, փոքրամասնութիւններուն առնչուող խնդիրները եւ անոնց լուծման ուղղութեամբ ձեռնարկուող քայլերը: Այս առումով նշուած է, որ Հայաստան ապաստան տուած է Սուրիայէն եկած 20 հազար գաղթականներու: Զրուցակիցները անդրադարձած են Հայաստանի մէջ մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան առնչուող հարցերու, եւ նախարար  Նալբանդեան ընդգծած է, որ այդ ուղղութեամբ Հայաստանի եւ մարդու իրաւունքներու միջազգային կազմակերպութիւններուն միջեւ արդիւնաւէտ համագործակցութիւն հաստատուած է: Զրուցակիցին խնդրանքով Էդուարդ Նալբանդեան ներկայացուցած է ղարաբաղեան հիմնախնդիրին խաղաղ լուծման ուղղութեամբ Հայաստանի եւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներուն կողմէ գործադրուող ջանքերը:








All the contents on this site are copyrighted ©.