2016-03-01 10:02:00

Հայր Լոմպարտի. ''վստահութեամբ դիտել Վատիկանի լրատուական միջոցներու վերանորոգումները''։


(Ռատիօ Վատիկան) 'Առաքելութիւն, դարձ ու հաղորդութիւն'', ասոնք եղան Յիսուսեան հայր Լոմպարտիի ողջերթի  խօսքին երեք յատկութիւնները զոր արտասանեց Traspontina-ի Սրբուհի Մարիամ եկեղեցւոյ մէջ­ մատուցած գոհաբանական Սուրբ պատարագի ընթացքին որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին  Ռատիովատիկանի անցեալ ու ներկայ պաշտօնեաները։

Քարոզին մէջ Հայր Լոմպարտին  խրախուսեց Ռատիովատիկանի հասարակութիւնը  վստահութեամբ ու յոյսով դիտելու Վատիկանի ընկերային հաղորդակցութեանց միջոցներու վերանորոգումի գործընթացքին։

Ան ընդգծեց որ Ռատիովատիկանի առաքելութիւնը միշտ եղած է Աւետարանի պատգամը հասցնելու աշխարհի չորս ծագերուն, օգտագործելով ընկերային հաղորդակցութեան ամենէ արդի բոլոր միջոցները։ Ան քաջալերեց Ռատիովատիկանի ընտանիքը միշտ տրամադիր ըլլալու` պատասխանատուութեամբ համապատասխանելով Տիրոջ կամքին։ Այս կատարելու համար հարկաւոր է աղօթքը - ըսաւ Հայր Լոմպարտի նշելով թէ  ֆրանչիսկոս Պապը մեզմէ միշտ կը խնդրէ որ ըլլանք հաղորդողներու հասարակութիւն մը, միշտ շարժումի մէջ ու միշտ պատրաստ ընթանալու դէպի յառաջ։

Յետ պատարագին Ռատիովատիկանի դահլիճին մէջ տեղի ունեցաւ ողջերթի հանդիսութիւն որուն ընթացքին գերապայծառ Անճելօ Պեչչու` յանուն Ս﹒ Աթոռի պետական քարտուղարութեան իր շնորհակալութիւնը յայտնեց Հայր Լոմպարտիին տածած 25 տարիներու ծառայութեան համար որպէս յայտագրերու տնօրէն եւ որպէս Ռատիովատիկանի ընդհանուր տնօրէն։ ԳերապայծառՊեչչու հայր Լոմպարտին  որակեց ''մեծ սպասաւորը Եկեղեցւոյ''­, դիտել տալով թէ ան իր ծառայութիւնը կը շարունակէ մատուցանել որպէս տնօրէն Ս﹒ Աթոռի մամլոյ գրասենեակին ու բանբեր ֆրանչիսկոս Պապին։

Հայր Լոմպարտիին հետ տարիքի բերումով իր պաշտօնը կ՛աւարտէր նաեւ Տոքթ. Ալպերթօ Կազպարրին`  Ռատիովատիկանի  հոգաբարձուն ու  Քահանայապետի առաքելական ճամբորդութիւններուն  պատասխանատուն։ Ան իր կարգին խօսք առնելով ընդգծեց Ռատիովատիկանի  առաքելութիւնը Եկեղեցւոյ մէջ հաստատելով թէ Ռատիովատիկանի տածած աշխատանքը կեդրոնական է Եկեղեցւոյ համար, ու չի նմանիր այլ հաղորդակցութեան միջոցներու, որովհետեւ անոր գործն է Աւետարանը եւ Եկեղեցւոյ վարդապետութիւնը ծաւալել ամենուրէք։








All the contents on this site are copyrighted ©.