2016-03-01 09:18:00

՝՝Յունաստանի մէջ գաղթականներուն թիւը կրնայ եռապատկուիլ՝՝ կ՛ըսէ Մերքել


Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքել յայտարարեց, որ Եւրոպական Միութիւնը չի կրնար արտօնել, որ ապօրինի գաղթականներուն դէպի իր հողամասեր հոսքի շարունակման եւ Պալքանեան շարք մը երկիրներու կողմէ Յունաստանի հետ իրենց սահմանի փակման պատճառով «քաոսի մէջ ընկղմի»:

«Իսկապէս կը հաւատա՞ք, թէ Եւրոյի շրջանի երկիրները, որոնք անցեալ տարուան ընթացքին մինչեւ վերջ պայքարեցան, որպէսզի Յունաստանը Եւրոյի գօտիին մէջ մնայ, կրնան ատկէ մէկ տարի ետք արտօնել, որ Յունաստան քաոսի մէջ ընկղմի», հարց տուաւ Գերմանիոյ վարչապետը:

Նախքան այդ, Յունաստան մտավախութիւն յայտնած էր, որ պալքանեան չորս երկիրներու` գաղթականներու ներհոսքը զսպելու համար նոր սահմանափակումներ ճշդելէն ետք գաղթականներուն յունական հողերուն վրայ մնալէն ետք, Յունաստան գտնուող գաղթականներու եւ տեղահանուածներու թիւը յառաջիկայ ամիս կրնայ եռապատկուիլ եւ հասնիլ 70 հազարի:

Քաղուած Ազդակ օրաթերթէն 








All the contents on this site are copyrighted ©.