2016-03-01 09:16:00

2016-ի Մարտ ամսուայ Քահանայապետական աղօթքի դիտաւորութիւնները։


(Ռատիօ Վատիկան) Քահանայապետական աղօթքի դիտաւորութիւնները 2014-էն սկսեալ ստանձնեցին ''տիեզերական'' եւ ''աւետարանումի'' խորագիր կրող աղօթքի դիտաւորութիւններ, շեշտը դնելու համար աղօթքի կեդրոնականութեան վրայ եւ վերարծարծելու 2012-ի նոր աւետարանութեան մասին տեղի ունեցած սիւնհոդոսի կարեւորութիւնը։
2016-ի Մարտ ամսուայ որպէս Քահանայապետական աղօթքի դիտաւորութիւն ընտրուած է.
''Տիեզերական'' աղօթքի դիտաւորութիւն` ''Որպէսզի դժուարութեան մէջ ապրող ընտանիքները ընդունին անհրաժեշտ օգնութիւնները ու մանուկները կարենան աճիլ առողջ եւ շինիչ միջավայրի մէջ''։

Իսկ որպէս ''Աւետարանութեան'' աղօթքի դիտաւորութիւն` ''Որպէսզի իրենց հաւատքին համար հարստահարուած ու հալածուած քրիստոնեաները ամրապնդուած ու հաւատարիմ մնան Աւետարանին շնորհիւ համայն եկեղեցւոյ յարատեւ աղօթքին''։ 








All the contents on this site are copyrighted ©.