2016-02-29 13:46:00

Ֆրանչիսկոս Պապին ունկնդրութիւնը ''Քարապիների'' իտալական բանակի անդամներուն։


(Ռատիօ Վատիկան) 29 փետրուար 2016-ի առաւօտեան Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը իր գրասենեակին մէջ ընդունեց Տնտեսութեան Քարտուղարութեան կառավարիչ` Կարդինալ Ժորժ Փելը որմէ ետք ունկնդրութիւն շնորհեց  Եթովպիայի Թեւահետօ օրթոտոքս եկեղեցւոյ Պատրիարք՝ Գերերջանիկ Ապունա Մաթթիասին եւ անոր ընկերացող պատուիրակութեան։

Յայտնենք թէ Եթովպիայի Թեւահետօ օրթոտոքս եկեղեցին մաս կը կազմէ Արեւելեան եկեղեցիներու ընտանիքին։ Ան միակ եկեղեցին է, որ պահպանած է հրէական կարգ մը աւանդութիւններ, ինչպէս թլփատութեան սովորութիւնը,  որոշ սննդական  օրէնքներու պահպանումը, ինչպէս նաեւ շաբաթ եւ կիրակի օրերը՝ որպէս տօնական օր համարելը։

Գերերջանիկ Ապունա Մաթթիասին հետ ունեցած հանդիպումի աւարտին Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց Ուաշինկթընի երբեմնի Արքեպիսկոպոս` Կարդինալ Թէոտոր Էտկար Մաքքարրիքը ապա Փորթօ Ռիքոյի եպիսկոպոսական համահաւաք դասի նախագահական կազմը` առաջնորդութեամբ համահաւաք դասի նախագահ` գերապայծառ Ռոպերթօ Օքթավիօ Կոնզալէս Նիեվէսի։

Սրբազան Քահանայապետը ապա ընդունեց մշակոյթի քահանայապետական խորհուրդի քարտուղարի տեղակալ Գերապայծառ Փոլ Թիկէ ու անոր ընտանեկան պարագաները որոնցմէ ետք Քլեմենթինա սրահին մէջ ունկնդրութիւն շնորհեց Հռոմի ''Սուրբ Պետրոս'' բաժանմունքի ''Քարապիների'' իտալական բանակի 150 անդամներուն եւ այս առթիւ անոնց ուղղած իր խօսքին մէջ Սրբազան Քահանայապետը ընդգծեց անոնց` ընկերութեան ի սպաս յանձնառու ծառայութեան կարեւորութիւնը, մատնանշելով նաեւ այն գործունէութեան զոր անոնք լռելեան ու ծածուկ կը կատարեն ի սպաս կարիքաւորներուն։

Սրբազան Քահանայապետը ապա անդրադարձաւ անոնց հանրութեան ապահովութեան ի խնդիր գործունէութեան, յատկապէս Սուրբ Պետրոսի մէջ կատարուած արարողութիւններու եւ հաւաքներու առթիւ։ ''Գործունէութիւն մը որ արհեստավարժութիւն եւ պատասխանատուութիւն կը պահանջէ  ինչպէս նաեւ համբերութիւն եւ նուիրում բոլորին հանդէպ'' ըսաւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը ու ակնարկելով Ողորմութեան Սուրբ Տարուայ դիտել տուաւ թէ ''այդ մեզ բոլորիս առիթ է վերանորոգուելու, ներքին բիւրեղացումէ սկսեալ որ իր արտացոլումը կը գտնէ մեր առօրեայի ծառայութեան մէջ''։

Յիսուս մեզի կ՛ըսէ ''Ամէն անգամ որ նման բարիք մը ըրիք այս փոքրիկներէն մէկուն, որոնք իմ եղբայրներս են, զայն ինծի ըրիք''։ Յիսուսի այս ուսուցումը թող ձեր ուղեցոյցը ըլլայ ու ձեզ օգնէ ըլլալու զօրակցութեան ռահվիրաներ, յատկապէս տկարներուն եւ անպաշտպաններուն նկատմամբ եւ ըլլալու կեանքի պահապաններ ձեր  մարդոց անվտանգութեան ու ապահովութեան պահպանումի յանձնառումին մէջ։  ''Ձեր այս առաքելութեան ընթացքին միշտ նկատի ունեցէք որ ամէն մէկ անհատ սիրուած է Աստուծմէ, Անոր արարածն է ու յարգանքի եւ ընկալութեան արժանի'' ըսաւ ապա Քահանայապետը մաղթանք յայտնելով որ Ողորմութեան արտակարգ Յոբելեանը վերանորոգէ իրենց մասնագիտական գործի հոգին, որպէսզի զայն ապրին ուշադրութեամբ, նուիրումով ու վեհանձնութեամբ, ապա խօսքը եզրափակեց դարձեալ շնորհակալութիւն յայտնելով անոնց ու հայցելով Աստուածամօր Հովանին ու բարեխօսութիւնը, բոլորին տալով իր առաքելական օրհնութիւնը։








All the contents on this site are copyrighted ©.