2016-02-29 09:42:00

Քլինթըն Սաութ Քարոլայնայի մէջ մեծ յաղթանակ արձանագրեց


Հիլըրի Քլինթըն Միացեալ Նահանգներու նախագահի դեմոկրատական թեկնածուի ճշդման ընտրութիւններուն ընթացքին Հարաւային Քարոլայնայի մէջ արձանագրեց մեծ յաղթանակ մը, որ չորս նախնական ընտրութեանց մէջ իր երրորդն է:

«Մեծ երեքշաբթի» օրուան ընթացքին 11 նահանգներու մէջ տեղի պիտի ունենան նախնական ընտրութիւններ, որոնցմէ ետք շաբաթավերջին չորս այլ նահանգներու մէջ եւս տեղի պիտի ունենան ընտրութիւններ: Երեքշաբթի օրուան ընտրութեան մասնակից 11 նահանգներէն 6-ին մէջ փոքրամասնութիւններու անդամներուն թիւը մեծ է, եւ ըստ հարցախոյզներուն, Քլինթըն այդ նահանգներուն մէջ մեծ յաղթանակներ պիտի արձանագրէ








All the contents on this site are copyrighted ©.