2016-02-29 13:23:00

Իրաքի քրիստոնեաները փոքրամասնութիւններու ի նպաստ բարենորոգումներ կը խնդրեն։


(Ռատիօ Վատիկան) Իրաքի քրիստոնեաները կառավարութեան պահանջներ ներկայացուցած են խնդրելով Քրիստոնեաներու մեծ ներկայութիւն մը կառավարութեան մէջ ապա 26-րդ յօդուածին վերատեսութիւնը որ կը հրահանգէ անմիջականօրէն զաւակներու անցքը իսլամութեան երբ ծնողներէն մէկը մահմետական կը դառնայ։

Իրաքի ազգային ժողովի քրիստոնեայ անդամները այդ ուղղութեամբ նամակ մը յղած են ազգային ժողովի նախագահ սիւննի` Salim al-Juburi-ի։

Այս նախաձեռնութեամբ փոքրամասնութիւնը ներկայացնող խորհրդարանականները կը խնդրեն զաւակներու իսլամացումի օրէնքին վերատեսութիւնը, յարգելով երկրին սահմանադրութիւնը որ կը ճանչնայ կրօնական ազատութիւնը։

Յայտնենք որ այդ օրէնքին վերատեսութեան ռահվիրաներէն մէկն է Քաղդէացիներու պատրիարքը` գերերջանիկ Լուիս Սաքօ որ պահանջած է որ փոքրերը պահեն ծննդեան իրենց կրօնքը մինչեւ 18 տարեկան,  ու այդ տարիքէն ետք անոնք կարելիութիւն ունենան ընտրելու իրենց դաւանանքը։








All the contents on this site are copyrighted ©.