2016-02-29 15:38:00

Գերյարգելիի տիտղոսի տուչութիւն գերապատիւ Հայր Նարեկ Նաամոեանին։


(Ռատիօ Վատիկան) Երեքշաբթի 1 մարտ 2016-ի երեկոյեան 7-ին, Հռոմի Լեւոնեան Վարժարանի Թոլենթինացի Սուրբ Նիկողայոս հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ մէջ տեղի կ՛ունենայ Գերյարգելիական գաւազանի ու մատանիի տուչութեան արարողութիւնը, նախագահութեամբ Ամենապատիւ եւ գերերջանիկ`  Գրիգոր Պետրոս Ի, Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց,­ կաթողիկոս -Պատրիարքին եւ մասնակցութեամբ Հայ Կաթողիկէ նուիրապետութեան սիւնհոդոսական հայրերուն որոնք այս օրերուն Հռոմի մէջ կատարեցին քառասնորդացի իրենց հոգեւոր կրթութիւնը։

Գերյարգելիի տիտղոսի տուչութեան արարողութիւնը սկիզբ կ՛առնէ երեկոյեան ժամերգութեամբ զոր կը նախագահէ Ամենապատիւ եւ գերերջանիկ Հոգեւոր Տէրը որ ապա Լեւոնեան Քահանայապետական Հայ Վարժարանի նորընտիր Մեծաւոր` Հայր Նարեկ Նաամոեանին պիտի շնորհէ գերյարգելիի տիտղոս, անոր յանձնելով գերյարգելիական գաւազանն ու մատանին։

Ռատիովատիկանի հայկական բաժնի անձնակազմը  իր սրտաբուխ շնորհաւորութիւնները ու մաղթանքները կը  յայտնէ  Լեւոնեան Վարժարանի մեծաւորին ու վարժարանիս բոլոր ընտանիքին, մաղթելով  բեղուն, եկեղեցանուէր ու ազգանուէր առաքելութիւն։








All the contents on this site are copyrighted ©.