2016-02-29 14:07:00

Բժիշկ Կարպիս Հարպոյեան այցելեց Մեսրոպեան


Փետրուար 29, 2016-ին Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանը հիւրընկալեց բժշկական գիրքերու եւ յօդուածաշարերու հեղինակ բժիշկ Կարպիս Հարպոյեանը, որուն նորագոյն գիրքերուն շնորհանդէսը տեղի ունեցաւ վերջերս, Պէյրութի մէջ:

Բժիշկ Հարպոյեան ընդունուեցաւ վարժարանիս տնօրէն պարոն Կրէկուար Գալուստին կողմէ, որ երախտագիտութեամբ արտայայտուեցաւ բժիշկին հանրային-գիտական գործունէութեան մասին: Իր հերթին, բժիշկ Հարպոյեան մեծապէս գնահատեց Մեսրոպեանի մէջ տարուող կրթական աշխատանքները, որոնց մաս կը կազմէ նաեւ աշակերտներու առողջապահական դաստիարկութիւնը:

Բժիշկ Հարպոյեան վարժարանին նուիրեց իր հրատարակած նորագոյն հատորները՝ «Բժիշկին Գ. խօսքը» եւ «Բժիշկին Դ. խօսքը»: Ան նաեւ գիրքերէն օրինակներ յատկացուց բարձր դասարաններու յառաջադէմ աշակերտներուն համար:

Տեղեկատուական գրասենեակ

Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան Բարձրագոյն Վարժարանի








All the contents on this site are copyrighted ©.