2016-02-27 14:24:00

Ֆրանչիսկոս Պապի հանդիպումը իտալացի գործատէրերուն հետ


(Ռատիօ Վատիկան) Շաբաթ, 27 փետրուարի կէսօրին, Վատիկանի Պօղոս Զ անուան դահլիճին մէջ, Ֆրանչիսկոս Պապ ունկնդրութիւն շնորհեց Իտալական ՝՝Confindustria՝՝ ընկերակցութեան անդամակցող աւելի քան 7000 գործատէրերուն։

Այս առթիւ անոնց ուղղած ճառին մէջ Սրբազան Հայրը շնորհակալութիւն յայտնելով անոնց ներկայութեան համար,  յայտնեց թէ սոյն հանդիպումով,  որ նորութիւն մըն է ընկերակցութեան  պատմութեան մէջ,  անոնք  առաջդրած են վերանորոգել  յանձնառում մը` այն է  իրենց աշխատանքով նպաստել աւելի արդար ընկերութեան մը,  որ մօտիկ է մարդու կարիքներուն

Ֆրանչիսկոս Պապ  ապա խօսքը կեդրոնացուց ՝՝միասնաբար գործել՝՝ ընկերակցութեան ընտրած նիւթին վրայ, անոնց  Հռոմի մէջ կազմակերպած համագումարին առթիւ,  յարելով  թէ ''միասնաբար որոշեցիք ձեր ուշադրութիւնը կեդրոնացնել այն արժէքներուն վրայ որոնք ''ողնահարն են՝՝ կազմաւորումի ծրագիրներուն ու շրջանի արժեւորման ինչպէս նաեւ  ընկերային յարաբերութիւններուն զարգացումին, որոնք այլընտրանք մըն են  ամէն գնով սպառողական շահութաբեր տիպարին ։

՝՝Միասնաբար աշխատիլ՝՝ արտայայտութիւնը որ ընտրեցիք որպէս ուղեցոյց, ներշնչում մըն է համագործակցութեան, բաժնեկցութեան, եւ միասնական պատասխանատուութեամբ հոգիով սահմանուած յարաբերութիւններու ուղիի մը պատրաստութեան։

Այս ուղին, ըսաւ Սրբազան Հայրը կ՛առաջնորդէ  նոր ռազմավարութիւններու, նոր ոճերու եւ նոր մօտեցումներու, ընդգծելով թէ մեր կեանքը տարբեր կրնար ըլլալ եթէ իսկապէս սորվինք, օրն ի օր, աշխատիլ, մտածել ու միասնաբար կառուցել։

Գործառնութեան բարդ  աշխարհի մէջ ''միանաբար աշխատիլ'' կը նշանակէ  ներդրումներ  կատարել ծրագիրներու վրայ­, որոնք գիտեն ներառնել մոռացութեան եւ անտեսութեան մատնուած անձերը որոնց  շարքին նախ եւ առաջ ընտանիքները, մարդկայնութեան օճախներ, ապա երէցները  եւ  երիտասարդները որոնք աշխատանքի պակասի պատճառաւ եւ կամ հարմար թոշակի պակասէն յաճախ իրենք զիրենք զուրկ կը զգան նոյնիսկ արժանապատուութենէն։

Միասնաբար գործել կը նշանակէ  աշխատանքը  կազմակերպել ոչ թէ անհատի մը  հանճարին վրայ հիմնուելով, այլ շատերու համագործակցութեամբ։ Այլ խօսքերով արժեւորել բոլորին յատուկ ձիրքերը առանց անտեսելու իւրաքանչիւրի յատկութիւնները։ 

Ֆրանչիսկոս Պապ ապա խօսքը կեդրոնացուց գործառնութեան կեդրոնը համարուող մարդուն  վրայ ըսելով ''Գործառնութեան մը կեդրոնը թող մարդը հանդիսանայ իր երազանքներով, իր կարիքներով, իր յոյսերով եւ իր յոգնութիւններով'' յորդորեց Ֆրանչիսկոս Պապ հաստատելով թէ այս մէկը կը մղէ կարեւոր ընտրանքներու։ Կը  նշանակէ  ամէն մէկուն տալ այն ինչ որ իրեն կը պատկանի, ընտանիքի հայրերու ու մայրերու վրայէն վերցնել  իրենց  զաւակներուն ապագայի ու ներկայի մտահոգութիւնը։

Կը նշանակէ գիտնալ կառավարել, եւ միեւնոյն ատեն անսալ, համեստութեամբ ու յոյսով բաժնեկցելով գաղափարներ ու ծրագիրներ։ Կը նշանակէ այնպէս մը ընել՝ որ աշխատանքը հնարէ ուրիշ աշխատանք մը, պատասխանատուութիւնը ստեղծէ այլ պատասխանատուութիւն. Յոյսը այլ յոյս, մասնաւորաբար երիտասարդ սերունդներուն։

Ֆրանչիսկոս Պապ ապա ակնարկեց  ''Աւետարանի Ուրախութիւն'' իր շրջաբերական թուղթին, որուն մէջ  հրաւիրած է թիկունք կանգնիլ մէկը միւսին ու խրախուսեց ներկաները եւ աշխատանքի աշխարհը, դառնալու դերակատարներ որոնք կանչուած են քաջ քայլեր առնելու այնպէս որ ''միասնաբար գործելն ու համախմբուիլը'' չդառնայ լոկ բնաբան մը այլ ներկայի եւ ապագայի ծրագիր ։

Ճառին աւարտին  Սրբազան Քահանայապետը մատնանշելով ''Գովեալ Ըլլաս'' իր առաքելական յորդորագիրին  հրաւիրեց ներկաները ըլլալու ''հասարակաց բարիքի շինարարներ ու աշխատանքի նոր մարդաբանութեան մը ստեղծագործներ''

''Թող հասարակաց բարիքը դառնայ կողմնացոյցը որ ձեր արտադրական  գործունէութիւնը կը ղեկավարէ, որպէսզի կարելի ըլլայ բոլորին ու բոլորին համար տնտեսութեան մը զարգացումը որ չ՛անտեսէ կարիքաւորները - ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ ու հաստատեց ''Չկայ ազատութիւն առանց արդարութեան ու չկայ արդարութիւն առանց ամէն մէկ անհատի արժանապատուութեան յարգանքի'' ապա խօսքը եզրափակեց  դարձեալ շնորհակալութիւն յայտնելով ներկաներուն ու անոնց վրայ հայցելով Տիրոջ Օրհնութիւնները։ 








All the contents on this site are copyrighted ©.