2016-02-27 13:05:00

Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց Արժանթինի նոր նախագահը։


(Ռատիօ Վատիկան) Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակի հրատարակած հաղորդագրութեամբ մը կը տեղեկացուի թէ այսօր` 27 փետրուար 2016-ի առաւօտեան, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, առաքելական պալատին մէջ ընդունեց Արժանթինի հանրապետութեան նախագահ` Տիար Մաուրիցիօ Մաքրի, որ ապա հանդիպում ունեցաւ Սուրբ Աթոռի Պետական Քարտուղար` Կարդինալ Փիէթրօ Փարոլինին  հետ, որուն կ՛ընկերանար Պետութիւններու հետ յարաբերութիւններու քարտուղար գերապայծառ Փոլ Կալլակէր։

Սիրալիր խօսակցութիւններու ընթացքին, բացայայտուեցան երկկողմանի բարի յարաբերութիւնները Սուրբ Աթոռի եւ Արժանթինի Հանրապետութեան միջեւ,  ու շօշափուեցան երկու կողմերը հետաքրքրող նիւթեր` ինչպէս. սատարել ամբողջական զարգացումին, մարդկային իրաւունքներու յարգանք, աղքատութեան եւ թմրեցուցիչի վաճառքի դէմ պայքար, արդարութիւն, խաղաղութիւն եւ հասարակական հաշտութիւն։ Այս ծիրէն ներս ընդգծուեցաւ եպիսկոպոսներուն եւ կաթողիկէ հաստատութիւններուն դրական սատարը­, յատկապէս մարդկայնական զարգացումի եւ ապագայ սերունդի կազմաւորումի ծիրէն ներս, ապա մատնանշուեցան տարածաշրջանի եւ համաշխարհային հարցերու հայող տարբեր նիւթեր։








All the contents on this site are copyrighted ©.