2016-02-26 12:30:00

Ֆրանչիսկոս Պապին 26 փետրուարի գործունէութիւնները։


(Ռատիօ Վատիկան)  Ուրբաթ, 26 փետրուարի առաւօտեան՝ ժամը 9.00ին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը Հռոմի Քուրիայի անդամներուն հետ միասին, Վատիկանի Ռետեմթորիս Մաթեր մատրան մէջ, մասնակցեցաւ  Քառասնորդաց պահքի շրջանի երկրորդ խորհրդածութեան նիստին։

Ան ապա Քոնչիսթորօ սրահին մէջ ընդունեց Քորէայի եւ Մոնկոլիայի մօտ առաքելական նուիրակ գերապայծառ Օսվալտօ Փատիլլան եւ անոր ընտանեկան պարագաները, ապա ժամը 10-ին, ունկնդրութիւն շնորհեց Թուրինկայի ազատ հանրապետութեան նախագահ` Տիար Պոտօ Ռամելովին, անոր կողակիցին եւ իրենց ընկերացող պատուիրակութեան, հուսկ յաջորդաբար ընդունեց Վենեզուելլայի մօտ առաքելական նուիրակ` գերապայծառ Ալտօ Ճորտանօ եւ Յոյն Մելքիթներու Սուրիոյ` Հոմս քաղաքի Արքեպիսկոպոս գերապայծառ Ժան Ապտօ Ապրաշ։

Ժամը 12-ին Ֆրանչիսկոս Պապ Քլեմենթինա սրահին մէջ ունկնդրութիւն շնորհեց Քոր Ունում քահանայապետական բարեսիրական մարմնի կազմակերպած ''եղբայրասիրութիւնը երբեք վերջ պիտի չի գտնէ։ Հեռանկարներ՝   Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետի՝  Աստուած Սէր Է շրջաբերական թուղթէն 10 տարի ետք'' վերտառութեամբ միջազգային համագումարի 200 մասնակիցներուն։

Այս առթիւ անոնց արտասանած խօսքին մէջ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը շնորհակալութիւն յայտնելով իրեն ուղղուած բարի խօսքերուն անդրադարձաւ Պենետիկտոս ԺԶ վաստակաւոր Քահանայապետի` քահանայապետական առաջին շրջաբերական թուղթին որ, ըսաւ Ան, կ՛ընդգրկէ համայն եկեղեցւոյ պատմութիւնը որ է նաեւ սիրոյ պատմութիւն։ Աստուծմէ ընկալուած սիրոյ պատմութիւն մը, որ պէտք է աշխարհին մատուցի, եւ այս ընկալուած ու նուիրուած սէրը հիմն է Եկեղեցւոյ պատմութեան ու մեզմէ իւրաքանչիւրիս պատմութեան, յարեց Նորին Սրբութիւնը հաստատելով թէ ''Բարեսիրական ներգործութիւնը, մուրացկանութիւն մը չէ, այլ կը նեռարէ ''սիրոյ ուշադրութիւն մը ուղղուած ուրիշին''։ 

Սէրը կը կազմէ եկեղեցւոյ կեանքի կեդրոնը ու անոր սիրտը։ Յիսուս զայն դասած է որպէս առաջինը եւ ամենամեծը պատուիրաններուն ''Պիտի սիրես քու Տէր Աստուածդ բոլոր սրտովդ ու բոլոր հոգիովդ ու բոլոր մտքովդ ու բոլոր զօրութեամբ....ու քու մերձաւորդ քու անձիդ պէս''։

Յոբելենական տարին որ կ՛ապրինք առիթ է վերադառնալու մեր կեանքի ու մեր վկայութեան տրոփող սրտին, որ է հաւատքի հռչակումի կեդրոնը ''Աստուած սէր է''։ Սէրը Աստուծոյ էութիւնն ու անոր բնութիւնն է։ Տէրը սէր է ու հաղորդում, սէրը կը հաղորդուի, կը տարածուի...եւ Աստուած երբ կը տեսնէ թէ մարդը իրմէ կը հեռանայ,  հեռու չի մնար անկէ այլ կ՛ընթանայ դէպի մարդը։ Եւ անոր այս մեր հետ հանդիպումին գագաթնակէտը դարձաւ իր Որդոյն մարդեղութիւնը, անոր ողորմութիւնը։

Սէր եւ ողորմութիւն իրարու զօդուած իրողութիւններ են ու կը կազմեն Աստուծոյ էութիւնն ու անոր վարուելակերպի ձեւը, անոր ինքնութիւնը, անոր անունը­, ըսաւ աղա Սրբազան Հայրը ու մատնանշեց շրջաբերական թուղթի երկու երեւոյթներուն­, առաջինը թէ Ան մեզի ցոյց կու տայ Աստուծոյ դիմագիծը որուն կը հանդիպինք Քրիստոսի մէջ ''Չկայ աւելի մեծ սէր քան իր կեանքը զոհել բարեկամներուն համար''։

''Ամէն մէկ մեր սիրոյ, զօրակցութեան ու բաժնեկցութեան արտայայտութիւն Աստուծոյ սիրոյ արտացոլումն է'' ըսաւ Քահանայապետը։ Ասոր համար Աստուածային Սիրոյն պէտք է նայինք որպէս կողմնացոյց որ մեր կեանքը կը կողմնորոշէ։

Ֆրանչիսկոս Պապ ապա մատնանշեց շրջաբերական թուղթի երկրորդ  յատկանիշին որ կը յիշեցնէ թէ այդ սէրը կ՛ուզէ միշտ արտացոլալ Եկեղեցւոյ կեանքէն ներս։ Որքան կը փափաքէի որ Եկեղեցւոյ ամէն մէկ կառոյց, ամէն մէկ իշխանութիւն ու ամէն մէկ ձեռնարկ բացայայտեր թէ Աստուած մարդը կը սիրէ, ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ, դիտել տալով թէ Եկեղեցւոյ բարեսիրական հաստատութիւններու առաքելութիւնը կարեւոր է որովհետեւ խօսք չէ` այլ գործելակերպ ու գործնական սէր որ կարող է ցոյց տալ մարդուն, թէ սիրուած է Հօրմէ եւ թէ  վիճակուած է յաւիտենական կեանքին։

Ճարին աւարտին Նորին Սրբութիւնը շնորհակալ ութին յայտնելով բոլոր անոնց որոնք այս առաքելութեամբ կը զբաղին  յորդորեց Յոբելենական տարւոյն առթիւ ապրիլ ողորմութիւնը, սիրոյ արտայայտութեամբ, որպէսզի սատարենք, ըսաւ Ան, Եկեղեցւոյ առաքելութեան, հռչակելու Աստուծոյ սէրը։

Նորին Սրբութիւն խօսքը եզրափակեց ներկաներուն վրայ հայցելով Աստուածամօր բարեխօսութիւնը եւ անոնց տալով իր առաքելական օրհնութիւնը ու խնդրեց որ բարեհաճին չմոռնան աղօթել իրեն համար։








All the contents on this site are copyrighted ©.