2016-02-26 09:27:00

Միջազգային Քարիթաս. ''Գաղթականներուն առջեւ չփակենք մեր դռները''


(Ռատիօ Վատիկան) ''Եւրոպան զօրակցութեան տագնապէն կը տառապի յաչս բոլոր այն գաղթականներուն որոնք պատերազմէն բախած դուռը կը բախեն'' ըսաւ Միջազգային Քարիթասի հաղորդակցութեան պատասխանատու` Patrick Nicholson։

Առանց ջուրի ու կերակուրի հազարաւոր մարդիկ պաշարուած կը սպասեն որ փրկութեան դուռը բացուի։ Եւրոպան պէտք է աւելի առաջնութիւն տայ անհատներուն քան իր սահմաններուն, աւելի առաջնութիւն տայ մարդու իրաւունքի քան սահմաններու պաշտպանութեանը։

Քարիթասը մինչեւ օրս աւելի քան մէկ միլիոն պատրաստ կերակուր ու դեղ բաշխած է գաղթականներուն։








All the contents on this site are copyrighted ©.