2016-02-26 10:38:00

Աւելի քան 10.5 միլիոն մեքսիկացիներ ողջունած են Ֆրանչիսկոս Պապին Մեքսիքոյի մէջ


(Ռատիօ Վատիկան)Մեքսիքոյի եպիսկոպոսաց համահաւաք դասի տուեալներուն համաձայն, 12- 17 փետրուար 2016-ին, Ֆրանչիսկսո Սրբազան Քահանայապետին Մեքսիքօ կատարած  առաքելական Ճամբորդութեան ընթացքին, աւելի քան 10.5 միլիոն  հաւատացեալներ առիթը ունեցած են ողջունելու Սուրբ Պետրոսի յաջորդը։

400 քմ երկարութեամբ՝ Ճանապարհներու եզերքը տեղադրուած՝ 9.5 միլիոն մեքսիքացի հաւատացեալներ Ողջունած են Սրբազան Հայրը՝ երբ բացօթեան  ինքնաշարժով  տեղէ տեղ կը տեղափոխուէր, իսկ՝ 1.150. 000 հաւատացեալներ, ներկայ գտնուած են Նորին Սրբութեան նախագահած արարողութիւններուն։

Մեքսիքոյի եպիսկոպոսաց համահաւաք դասը կը տեղեկացնէ նաեւ թէ   Նորին Սրբութեան նախագահած արարողութիւններուն եւ պաշտօնական հանդիպումներուն, ներկայ գտնուած են ընդհանրապէս 134 Մեքսիքացի եպիսկոպոսներ,  ինչպէս նաեւ այլ երկիներէն ժամանած 37 եպիսկոպոսներ որոնց մեծամասնութիւնը Միացեալ նահանգներէն եղած են։

Թիւով ամենէն շատ  հաւատացեալներու ներկայութիւնը արձանագրուած է Էքաթեփեք քաղաքին մէջ մատուցուած հանդիսաւոր արարողութեան ընթացքին՝ 300.000 անձեր,  անոր կը յաջորդէ Միացեալ նահանգներուն սահմանագծին  մօտ  գտնուող Չուտատ Խուարեզ քաղաքի  մէջ ծիսական արարողութիւնը՝ որուն մասնակցած են 210000 հաւատացեալներ։

Միջազգային Լրատուական գետնի վրայ, Ֆրանչիկսոս Պապի Մեքսիքօ կատարած ճամբորդութինը  հաղորդումներու  եւ լուրերու սփռումով հանդիսած է  ամենամեծ ճամբորդութիւնը շնորհիւ 4077 Մեքսիքացի ճամբորդութեան հետեւող` հաւատարմագրուած լրագրողներուն։

 








All the contents on this site are copyrighted ©.