2016-02-26 09:12:00

Ամերիկեան ցամաքամասի կաթողիկէ եպիսկոպոսական խորհուրդներու հանդիպումը Թամբա քաղաքը։


(Ռատիօ Վատիկան) 22 Փետրուարին սկիզբ առաւ Ամերիկեան ցամաքամասի երեք եպիսկոպոսական խորհուրդներու (ԱՄՆի Քանատայի ու Լատինամերիկայի) 40-րդ հանդիպումը ԱՄՆ-ի ֆլորիտա նահանգի Թամբա քաղաքին մէջ։

Այս տարեկան հանդիպումը առիթ կու տայ եպիսկոպոսական երեք համահաւաք դասերու բանակցելու ցամաքամասի վերջին զարգացումներու մասին ու անոր առջեւ կայացած հարցերու շուրջ։

Այս տարուայ հանդիպումին նիւթն է﹒ ''Յիսուս Քրիստոս դիմագիծը Հօր Աստուծոյ ողորմութեան''։ Հանդիպումի ընթացքին կը սերտուին գլխաւոր երկու վաւերաթուղթեր﹒ ֆրանչիսկոս Պապի ʺLaudato Si ʺ բնապահպանութեան վաւերագիրը ու ʺ Aparecida-իʺ վաւերագիրը։

Այս վերջին վաւերագիրին գլխաւոր հեղինակը  եղած է Պուէնոս Այրէսի երբեմնի առաջնորդ կարդինալ Պերկոլիօ̦, ֆրանչիսկոս Պապը̦։ Վաւերագիրը հրապարակուած է Լատինամերիկայի եպիսկոպոսական խորհուրդի 5-րդ ընդհանուր ժողովի աւարտին` մայիս 2007-ին։








All the contents on this site are copyrighted ©.